Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կը մերժեն նոր Սահմանադրութեան նախագիծը
«Ընդդիմադիր համախմբում»-ը կը դատապարտէ արտաքին պահանջները եւ իշխանութեան կեդրոնացման վտանգը
Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը, որոնք Նոյեմբերի սկիզբը միացած էին «Ընդդիմադիր համախմբում» նախաձեռնութեան շուրջ, Նոյեմբեր 25-ին հրապարակած յայտարարութեամբ վճռապէս մերժած են իշխանութիւններուն ներկայացուցած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը։
«Հայաստան» դաշինքի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն՝ նախագիծը ոչ միայն մշակուած է Ազերպայճանի պահանջով, այլեւ առիթ կու տայ գործող իշխանութիւններուն աւելի ամրապնդելու իրենց դիրքերը։ Ընդդիմադիր ուժերը կը պնդեն, որ սահմանադրական փոփոխութիւնը Պաքուի կողմէ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրման համար դրուած նախապայման մըն է, զոր Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚օգտագործէ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելու եւ զայն հակակշռելու սահմանադրական միջոցները վերացնելու նպատակով։
«Ընդդիմադիր համախմբում»-ը կը մերժէ, իր բնորոշումով՝ արտաքին պարտադրանքով պատրաստուած Սահմանադրութիւնը՝ անոր մէջ տեսնելով նաեւ կառավարման մենատիրական համակարգի ամրապնդման վտանգ մը։
Նախաձեռնութեան մասնակիցները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են խորհրդարանական ընդդիմութեան դիրքորոշման եւ պատրաստակամութիւն՝ միացնելու իրենց ուժերը նոր Սահմանադրութեան ընդունման դէմ պայքարին մէջ։ Անոնք յայտարարած են, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղեկացնեն այդ նպատակով նախատեսուած հանդիպման մը մասին։
Յայտարարութիւնը կը յաջորդէր Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն մերժումին։ Անոնք հրաժարած էին ընդառաջելէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին՝ նոր Սահմանադրութեան ընդունման համար անհրաժեշտ հանրաքուէի կազմակերպման ի նպաստ քուէարկելու։
Վարչապետը ընդդիմութենէն պահանջած էր ապահովել անհրաժեշտ վեց լրացուցիչ քուէները՝ խոստանալով հրաժարիլ, եթէ ժողովուրդը մերժէ նոր Սահմանադրութիւնը, իսկ անոր ընդունման պարագային՝ յաջորդ ընտրութիւններուն վարչապետի թեկնածու չներկայանալ։
Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները, որոնք նախագիծը կը կոչեն «Ալիեւեան Սահմանադրութիւն», կը մերժեն այս առաջարկը։ Իր կարգին, իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ ընդդիմութեան ժամանակ պիտի տայ վերանայելու իր դիրքորոշումը՝ չբացառելով հանրային ճնշումի դիմելու կարելիութիւնը։
Փաշինեան կը հերքէ, թէ նախագիծը պատրաստուած է արտաքին ճնշման տակ, պնդելով, որ նոր Սահմանադրութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ իր դրացիներուն միջեւ հակամարտութեան էջը փակելու։

