Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը եզրափակուեցաւ Փարիզի մէջ
Փարիզի մէջ, Նոյեմբեր 20-ին, Հայաստանի դեսպանատան յարկին տակ տեղի ունեցաւ հայ լեզուաբանութեան 13-րդ միջազգային գիտաժողովին (ICAL13) եզրափակիչ նիստը՝ նուիրուած մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին։
Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 18-էն 20, Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (INALCO) կազմակերպութեամբ, SeDyL հետազօտական կեդրոնին, Հայագիտական ընկերութեան եւ այլ գործընկերներու գործակցութեամբ։
Եզրափակիչ նիստը վարեց INALCO-ի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու պատասխանատու, փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոս։

Բացման ողջոյնի խօսքը արտասանեց Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, որ ընդգծեց Աճառեանի գիտական ժառանգութեան բացառիկ նշանակութիւնը եւ հայ լեզուաբանութեան ու բարբառագիտութեան զարգացման մէջ անոր ունեցած անգնահատելի դերը։
Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսա բնակութեան տարիներուն Աճառեանի կատարած աշխատանքներուն, որոնք իրենց նշանակալի նպաստը բերած են գիտնականին կազմաւորման։ Ան շեշտեց հայ-ֆրանսական գիտական կապերու ամրապնդման, հայոց լեզուական ժառանգութեան պահպանման եւ արդի գիտական միջոցներով անոր ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը։
Ելոյթ ունեցան Հրաչեայ Աճառեանի ծոռնուհին՝ Անի Աճառեան, Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Անուշ Ապրեսեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Արսէն Վարդանեան։ Անոնք անդրադարձան գիտնականին անձին՝ իր աղջկան Քնարիկ Աճառեանի յուշերուն ընդմէջէն, Փարիզի մէջ անոր ծաւալած գիտական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Աճառեանի ժառանգութեան այսօրուան նշանակութեան։
Ներկայ էին նաեւ Փարիզի Սորպոնի համալսարանի պատուոյ փրոֆեսէօր, ակադեմական Շառլ տը Լամպերթըրի, ծանօթ լեզուաբան փրոֆ. Հրաչ Մարտիրոսեան, INALCO-ի ներկայացուցիչներ եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած մասնագէտներ։



