Երեւանը որպէս ազերպայճանական տարածք ներկայացնող գիրքեր՝ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի գրադարանին մէջ
Հայ Դատի յանձնախումբը կը բողոքէ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) բողոք ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի գրադարանին՝ Հոկտեմբեր 16-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը պաշտօնական հովանաւորութիւնը ստանձնած ըլլալուն համար։ Այդ ձեռնարկին ներկայացուած են ազերպայճանական պետական աջակցութեամբ հրատարակուած երկու գիրքեր, որոնք Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը կը ներկայացնեն իբրեւ ազերպայճանական տարածք։
Գիրքերուն հեղինակն է ազերպայճանցի փրոֆեսէօր Ֆարիտա Սաֆիեւա, որ իր աշխատութիւններուն մէջ Երեւանը կը կոչէ «Իրեւան»։ Ազերպայճանի պետական AZERTAC լրատու գործակալութեան համաձայն՝ գիրքերէն մէկը հրատարակուած է երկրի պետական մարմիններէն՝ Հասարակական կազմակերպութիւններու պետական աջակցութեան գործակալութեան նիւթական օժանդակութեամբ, իսկ երկրորդին ծախսերը հոգացած է «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամի փոխնախագահ, Իլհամ Ալիեւի դուստրը՝ Լէյլա Ալիեւա։
ANCA-ի հետազօտութիւններու եւ վերլուծումներու տնօրէն տոքթ. Ռապըրթ Գրիգորեան Նոյեմբեր 24-ին Գոնկրէսի գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Ռապըրթ Նիւլընի յղած նամակով անընդունելի նկատած է, որ ամերիկեան այս հեղինակաւոր հաստատութիւնը իր պաշտօնական հովանաւորութեամբ վարկ տայ օտար պետութեան քարոզչական նախաձեռնութեան մը։
Գրիգորեան յայտարարած է, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի դիմէ Գոնկրէսի Հայկական հարցերու խմբակցութեան անդամներուն՝ պարզելու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած է ակադեմական անաչառութեան նման խախտում մը։
Իր նամակին մէջ ան յիշեցուցած է նաեւ Իլհամ Ալիեւի՝ 2022 Դեկտեմբերին կատարած յայտարարութիւնը, թէ «այսօրուան Հայաստանը մեր հողն է», ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ ցուցահանդէսներ, ներկայացումներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու անոր հրահանգը։ Ըստ ANCA-ի՝ այս քարոզչութիւնը կը ձգտի միջազգային գետնի վրայ հող պատրաստելու Հայաստանի նկատմամբ Պաքուի տարածքային պահանջներուն համար։
Հայ Դատի յանձնախումբը Գոնկրէսի գրադարանէն կը պահանջէ մանրամասն բացատրութիւն՝ նման ձեռնարկներու կրկնութիւնը կանխելու նպատակով։
Նշենք, որ յիշեալ երկու գիրքերը նաեւ ընդգրկուած են Գոնկրէսի գրադարանին գրացուցակին մէջ։ Սակայն այդ ցանկին մէջ գիրքի մը արձանագրութիւնը ինքնին չի նշանակեր անոր բովանդակութեան պաշտօնական հաստատում։ ANCA-ի բողոքին գլխաւոր առարկան Հոկտեմբեր 16-ի ձեռնարկին ընծայուած պաշտօնական հովանաւորութիւնն է։

