Տընի Ճորքայէֆ՝ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահի թեկնածու

Գէորգ Ղազարեան եւ Տընի Ճորքայէֆ

Գէորգ Ղազարեան (ձախին) եւ Տընի Ճորքայէֆ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ 1998-ի աշխարհի ախոյեան Եուրի Ճորքայէֆի աւագ եղբայրը՝ Տընի Ճորքայէֆ, իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան (ՀՖՖ) նախագահի պաշտօնին։ Սիւնիքի ֆութպոլի ակումբին կողմէ առաջադրուած Ճորքայէֆի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Գէորգ Ղազարեան, որուն թեկնածութիւնը ներկայացուցած է Գիւմրիի «Շիրակ» ակումբը։

Ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 21-ին, Երեւանի մէջ, ՀՖՖ-ի 28-րդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին։ Ներկայի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան նոր պաշտօնավարութեան համար թեկնածու չէ։

Նախկին ֆութպոլիստ, ֆութպոլի գործակալ, ակումբի նախագահ եւ մարզական տնօրէն Տընի Ճորքայէֆ ներկայիս նաեւ ՀՖՖ-ի միջազգային հարցերու խորհրդականն է։ Ան կը նախատեսէ իր փորձառութիւնն ու UEFA-ի եւ FIFA-ի շրջանակներուն մէջ ունեցած կապերը ի սպաս դնել Հայաստանի ֆութպոլի զարգացման։ Ճորքայէֆ պատրաստած է 2027-2031 ժամանակաշրջանին համար զարգացման ծրագիր մը, որուն գլխաւոր ուղղութիւնները պիտի ներկայացնէ յառաջիկային։

Նշենք, որ ընտրութենէն քանի մը շաբաթ առաջ՝ Նոյեմբեր 4-ին, ՀՖՖ-ի արտակարգ ընդհանուր ժողովը փոփոխութիւններ կատարած է կազմակերպութեան կանոնադրութեան մէջ՝ ջնջելով նախագահի եւ գործադիր կոմիտէի անդամութեան թեկնածուներուն համար հայերէնի իմացութեան եւ նախորդ մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ մշտապէս բնակած ըլլալու պայմանները։ Այս փոփոխութիւնները վիճաբանութիւններու պատճառ դարձած են, մասնաւորաբար Ճորքայէֆի թեկնածութեան առնչութեամբ։ Հարցադրումներ յառաջացած են որոշումին ժամանակին եւ ընտրական գործընթացին վրայ անոր հնարաւոր ազդեցութեան շուրջ։ Փոփոխութիւններուն ներկայացուած հիմնաւորումին համաձայն՝ նախկին պայմանները կրնային սահմանափակել համապատասխան մասնագիտական փորձառութիւն ունեցող անձերու թեկնածութիւն առաջադրելու կարելիութիւնը։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH