Ալիեւի հաշիւը՝ վտանգուած հանրաքուէ եւ նոր պատերազմի պատրուակ 

5000-1182

Արամ ԱՄԱՏՈՒՆԻ

« 1in.am »,Երեւան, 24 Նոյեմբեր 2026

Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնն ու Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Թոֆիք Զուլֆուքարով նոյն համոզումը կը յայտնեն. Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէն տեղի պիտի չունենայ։ Սակայն անոնց տեսակէտներուն այս համընկնումէն շատ աւելի ուշագրաւ են անոնց քաղաքական պատկերացումները։ Հայկական ընդդիմութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւնները կը ներկայացնէ իբրեւ ազգային շահերու զիջում՝ շարունակելով առաջնորդուիլ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» քաղաքական մտածողութեամբ։ Զուլֆուքարով, իր կարգին, կ՚առաջարկէ վերադառնալ 1918-1920 թուականներու տարածքային վէճերուն՝ կասկածի տակ դնելով Հայաստանի իրաւունքները Սիւնիքի եւ Սեւանայ լիճի արեւելեան ափին վրայ։

Այս երկու մօտեցումներուն համադրութիւնը ի յայտ կը բերէ Հայաստանի համար շատ աւելի խոր վտանգ մը. միջազգային իրաւունքով արդէն ճանչցուած սահմանները պատմական վէճերու առարկայ դարձնելը։ 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագրով նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները փոխադարձաբար ճանչցան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գոյութիւն ունեցող սահմանները։ 2024-ին Հայաստան եւ Ազերպայճան այդ սկզբունքը ընդունեցին իբրեւ սահմանազատման հիմք, իսկ 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրով վերահաստատեցին տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը։ Զուլֆուքարովի առաջարկած վերադարձը 1918-1920-ի վէճերուն ըստ էութեան կասկածի տակ կը դնէ այդ ամբողջ իրաւական հիմքը եւ տարածքային պահանջները կը վերադարձնէ բանակցութիւններու օրակարգ։ Հայաստանի համար վտանգը ակնյայտ է. ճանչցուած սահմաններուն շուրջ գոյացած համաձայնութիւնները կրնան դարձեալ վերածուիլ անվերջ պատմական վէճերու, իսկ խաղաղութեան հաստատումը՝ մնալ նոր հակամարտութիւններու սպառնալիքին տակ։

1918-1920 թուականներու Անդրկովկասի պատմութիւնը ցոյց կու տայ չլուծուած տարածքային վէճերուն ծանր հետեւանքները։ Այդ վէճերը շրջանը վերածեցին օտար ուժերու մրցակցութեան եւ պատերազմներու թատերաբեմի։ Դար մը անց, նոյն քարտէսներուն վերադառնալու առաջարկը վտանգաւոր քաղաքական նպատակ մը կը հետապնդէ՝ վերանայիլ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները եւ նոր տարածքային պահանջներու հիմքեր ստեղծել։ Այդ ուղին կրնայ հարցականի տակ դնել խաղաղութեան գործընթացով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ շրջանը դարձեալ մղել երկարատեւ հակամարտութեան։

Այս պայմաններուն մէջ առանձնապէս ուշագրաւ է Պաքուէն եկող քաղաքական ազդակներուն հակասութիւնը։ Ազերպայճանի իշխանութիւնները ողջունած են Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծին հրապարակումը՝ զայն նկատելով խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան ճամբուն վրայ խոչընդոտի մը վերացման քայլ։ Միւս կողմէ, Զուլֆուքարով կը վերարծարծէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վիճարկող պատմական պահանջներ։ Անոր յայտարարութիւնը պաշտօնական դիրքորոշում չի ներկայացներ, սակայն կը բացայայտէ ազերպայճանական քաղաքական շրջանակներուն մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող նկրտումները։ Ասիկա նաեւ յիշեցում մըն է Հայաստանին. սահմանադրական հարցին լուծումը կրնայ խաղաղութեան գործընթացէն վերացնել Պաքուի դրած գլխաւոր նախապայմաններէն մէկը, բայց տարածքային նոր պահանջներու վտանգը կանխելու համար անհրաժեշտ են միջազգային իրաւունքի ամուր երաշխիքներ եւ Ազերպայճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն անշեղ կատարումը։

Ալիեւ տարիներէ ի վեր Հայաստանի Սահմանադրութեան հարցը կը գործածէ իբրեւ քաղաքական ճնշում բանեցնելու եւ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրութիւնը ձգձգելու միջոց։ Ան քաջ կը գիտակցի Հայաստանի ներքաղաքական տարակարծութիւններուն եւ կը փորձէ զանոնք ծառայեցնել Պաքուի շահերուն։ Սահմանադրական հանրաքուէի խափանումը իրեն նոր պատրուակ պիտի ընձեռէ՝ շարունակելու նոյն պահանջը եւ խաղաղութեան գործընթացին անաւարտ մնալուն պատասխանատւութիւնը Հայաստանի վրայ բարդելու։ Իսկ նոր Սահմանադրութեան ընդունումով Պաքու պիտի կորսնցնէ իր գլխաւոր դիւանագիտական պատրուակներէն մէկը։ Անկէ ետք Հայաստանի նկատմամբ յաւելեալ պահանջները միջազգային հանրութեան ներկայացնելը զգալիօրէն պիտի դժուարանայ։ Ահա՛ Ալիեւի քաղաքական հաշիւին էութիւնը. քանի դեռ խաղաղութիւնը վերջնական իրաւական ամրագրում չէ ստացած, Պաքու կը պահպանէ ճնշում գործադրելու, նոր պահանջներ ներկայացնելու եւ զինուորական սրացման սպառնալիքով բանակցելու յաւելեալ հնարաւորութիւնները։

Ալիեւի քաղաքական հաշիւին վտանգաւոր կողմը Հայաստանի ներքին տարակարծութիւնները միջազգային ճնշման գործիքի վերածելու փորձն է։ Սահմանադրութեան շուրջ շարունակուող վէճը Պաքուին յաւելեալ պատրուակ կու տայ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրութիւնը ձգձգելու, նոր պահանջներ ներկայացնելու եւ լարումի որեւէ սաստկացման պատասխանատւութիւնը Հայաստանի վրայ բարդելու։ Պատերազմի համար միջազգային իրաւական արտօնութիւն գոյութիւն չունի, սակայն յարձակումը յաճախ կը նախապատրաստուի նաեւ դիւանագիտական պատրուակներ ստեղծելով։ Հայաստանի առաջնահերթութիւնը այդ պատրուակները չէզոքացնելն է եւ խաղաղութեան գործընթացը միջազգային պարտաւորութիւններով ամրապնդելը։

Այս իրողութեան դիմաց խորհրդարանական ընդդիմութիւնը առանձնայատուկ պատասխանատւութիւն կը կրէ։ Սահմանադրութեան նախագիծը քննադատելը իր անվիճելի իրաւունքն է։ Սակայն հանրաքուէին ճամբան փակելը քաղաքական այլ հետեւանքներ ունի։ Այսօր ընդդիմութեան ընդամէնը վեց քուէն կրնայ վճռել, թէ հանրաքուէ տեղի պիտի ունենա՞յ, թէ՞ ո՛չ։ Փաշինեան յայտարարած է, որ եթէ Սահմանադրութիւնը հանրաքուէով մերժուի, հրաժարական պիտի տայ, իսկ եթէ ընդունուի, յաջորդ ընտրութիւններուն վարչապետի պաշտօնին համար իր թեկնածութիւնը պիտի չդնէ։ Ուստի ընդդիմութիւնը հնարաւորութիւն ունի սահմանադրական հարցին լուծումը քաղաքացիներուն վստահելու եւ անոնց որոշումով պայմանաւորելու նաեւ վարչապետին քաղաքական ապագան։ Հետեւաբար հանրաքուէի խափանումը դժուար պիտի ըլլայ արդարացնել միայն իշխանութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեամբ։

Նոր Սահմանադրութեան ընդունումը ինքնին խաղաղութիւն պիտի չերաշխաւորէ։ Ալիեւ կրնայ շարունակել նոր պահանջներ առաջադրել։ Սակայն Հայաստանի ներքին իրաւական կարգաւորումներուն առնչութեամբ տարիներէ ի վեր ներկայացուցած իր առարկութիւնը մեծ մասամբ պիտի կորսնցնէ իր կշիռը։ Խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրութեան նոր ձգձգումները միջազգային հանրութեան առջեւ արդարացնելը Պաքուի համար պիտի դժուարանայ։ Ասիկա դիւանագիտական զգալի առաւելութիւն մը պիտի ըլլայ Հայաստանի համար։ Խաղաղութեան ամրապնդման յաջորդ քայլերը պէտք է ըլլան սահմաններուն իրաւական ամրագրումը, ապահովութեան երաշխիքներուն հաստատումը, հաղորդակցութեան ուղիներուն գործարկումը եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն զարգացումը։

Զուլֆուքարովի յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ, թէ որքան նշանակալից է Հայաստանի առջեւ դրուած պատմական ընտրութիւնը։ Դար մը առաջուան տարածքային վէճերը դարձեալ քաղաքական օրակարգ բերելու ձգտումը կը սպառնայ ամբողջ շրջանին խաղաղութեան։ Վերջին տարիներու ծանր կորուստներէն ետք, Հայաստան հասած է հանգրուանի մը, ուր իր սահմաններուն միջազգային ճանաչումն ու խաղաղութեան իրաւական ամրագրումը կրնան երկարաժամկէտ ապահովութեան հիմքը կազմել։ Այդ ձեռքբերումները վտանգելը անհեռատեսութիւն պիտի ըլլայ։

Հայաստանի ապագան պէտք է որոշուի անկախ Հայաստանի քաղաքացիներուն կամքով՝ հիմնուելով 1991-ին ճանչցուած սահմաններուն եւ միջազգային իրաւունքին վրայ։ Սահմանադրական հանրաքուէն այդ ճամբուն նշանակալի հանգրուաններէն մէկն է։ Անոր խափանումը Ալիեւի ձեռքը պիտի ձգէ Հայաստանի դէմ գործածելի քաղաքական պատրուակներէն մէկը։

Ուստի ընդդիմութիւնը լուրջ հարցումի մը առջեւ կը գտնուի. ի՞նչ կը շահի Հայաստանը հանրաքուէի ձախողումէն, եւ որո՞ւ քաղաքական հաշիւներուն պիտի ծառայէ այդ արդիւնքը։

Արեւելահայերէնէ վերծանումը՝ «ՆՅ»

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH