Թոքիօ – Պատմական պրոնզեայ մետալ՝ Հայաստանի գեղասահորդ զոյգին
Հայաստանը ներկայացնող գեղասահորդներ Գարինա Ակոբովա եւ Նիքիթա Ռախմանին պատմական յաջողութիւն մը արձանագրեցին Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ՝ պրոնզեայ մետալ նուաճելով գեղասահքի միջազգային Կռան Փրիի NHK Trophy մրցաշարքին։ Այսպէսով, Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով մետալ մը կը շահի միջազգային այս մրցաշարքի զոյգերու բաժնին մէջ։
Նոյեմբեր 28-ին աւարտած մրցումներուն, հայկական զոյգը ութ մասնակից զոյգերու շարքին գրաւեց երրորդ դիրքը՝ ձեռք ձգելով 178,39 միաւոր։ Ակոբովա եւ Ռախմանին Ուրբաթ օրուան կարճ ծրագրին համար ստացան 66,95, իսկ Շաբաթ օրուան ազատ ծրագրին՝ 111,44 միաւոր։
Ոսկէ մետալը նուաճեցին աշխարհի ներկայի ախոյեանները՝ Գերմանիան ներկայացնող Միներվա Ֆապիէն Հազէ եւ Նիքիթա Վոլոտին, 213,08 միաւորով։ Արծաթէ մետալը բաժին ինկաւ ճափոնցիներ Եունա Նակաոքայի եւ Սումիթատա Մորիկուչիի՝ 195,69 միաւորով։

Հայկական զոյգը քանի մը շաբաթ առաջ, Չինաստանի բաժակի մրցումներուն, ընդամէնը 0,04 միաւորի տարբերութեամբ զրկուած էր պրոնզեայ մետալէն՝ չորրորդ դիրքը գրաւելով ճափոնցի նոյն զոյգին ետին։
Հայկական ծագումով Գարինա Ակոբովան եւ իր զուգընկերը՝ Նիքիթա Ռախմանին, նախապէս կը ներկայացնէին Ռուսաստանը, իսկ 2025-էն ի վեր հանդէս կու գան Հայաստանի դրօշին տակ։ Անոնք 2026-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն գրաւած էին 14-րդ, իսկ նոյն տարուան աշխարհի ախոյեանութեան՝ 8-րդ դիրքը։
Թոքիոյի NHK Trophy-ն 2026-2027 տարեշրջանի Կռան Փրիի վեցերորդ եւ վերջին հանգրուանն էր։ Հակառակ իրենց պատմական մետալին՝ Ակոբովա եւ Ռախմանին ընդհանուր դասաւորման մէջ 20 վարկանիշային միաւորով գրաւեցին իններորդ դիրքը՝ չկարենալով ուղղակի ապահովել եզրափակիչին մասնակցութեան իրաւունք։ Եզրափակիչ մրցումները տեղի պիտի ունենան Դեկտեմբեր 10-էն 13, Չինաստանի Չունկցինկ քաղաքին մէջ։

