Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – Հայաստանի նախագահը բրիտանական կողմի հրաւէրով կը մասնակցէր Չարլզ 3-րդի թագադրութեան հանդիսաւոր արարողութեան

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի նախագահը բրիտանական կողմի հրաւէրով կը մասնակցէր Չարլզ 3-րդի թագադրութեան հանդիսաւոր արարողութեան

Բրիտանական կողմին հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան գացած է Միացեալ Թագաւորութիւն՝ Չարլզ 3-րդի թագադրութեան հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելու համար։

Այցելութեան շրջանակէն ներս նախագահը դասախօսած է Քեմպրիճի համալսարանին մէջ Հայաստանի ու տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու եւ փոփոխուող իրողութեանց առնչուող նիւթին շուրջ։ 

Խաչատուրեան կը մասնակցէր նաեւ Չարլզ 3-րդի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան։ Կը նախատեսուէր հանդիպում մըն ալ՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։