Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պիւիսոնի թուիթը Ազերպայճանի՝ ուժանիւթային ահաբեկչութեան մասին

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն նոր թուիթով մը կը դատապարտէ Ազերպայճանի՝ ուժանիւթային ահաբեկչութիւնը Արցախի բնակչութեան նկատմամբ։ 

Ան կը գրէ.

«Ազերպայճան չգոհանալով Հայաստանէն Արցախ ելեկտրականութեան մատակարարումը խափանելով, կը փորձէ Արցախահայութիւնը զրկել իր սեփական ելեկտրականութիւնը արտադրելու կարելիութենէն ալ, ձեռնարկելով Սարսանգի այնքա՜ն կենսական ջրամբարի ցամքեցման, որ ելեկտրականութիւն արտադրող հայկական կայաններէն մէկուն ջուր կ՚ապահովէ»։