Կրթութեան համաշխարհային համաժողովին մասնակցելու նպատակով Լոնտոն այցելութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան հանդիպում ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ դպրոցներու հարցերով զբաղող Պետական նախարար Նիք Կիպպի հետ։
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ փոխնախարար Արաքսիա Սվաջեան եւ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան։
Անդրէասեան ընդգծած է կրթութեան բնագաւառին մէջ հայ-բրիտանական կապերու զարգացման կարեւորութիւնը։ Ան ներկայացուցած է Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ ծայր առած հսկայական բարեփոխումները,– որոնց գլխաւոր նպատակը կրթութեան որակի բարելաւումն է,– նշելով որ Հանրապետութեան դպրոցներուն մէջ յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանէն պիտի գործադրուի Հանրային կրթութեան նոր եղանակ, որ մեծ պատասխանատւութիւն եւ յաւելեալ ջանքեր կը պահանջէ։
Այս համածիրին մէջ քննարկուած է համագործակցութեան կարելիութիւնը՝ հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներու եւ տնօրէններու մասնագիտական զարգացման եւ նոր մօտեցումներու արդիւնաւէտ կիրարկման ուղղութիւններով։ Շեշտուած են նաեւ միացեալ նախագծերու գործադրման կարելիութիւնները։