Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԻՒՍԷԼ – Հայաստան ճանչցած է Ազերպայճանի 86.600 քառակուսի քմ. հողային ամբողջականութիւնը,  որու մէջ կը մտնէ նաեւ Արցախը

Պրիւսէլի մէջ, Մայիս 14-ին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած են հայ-ազերպայճանական նոր բանակցութիւններ, մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն։ Միշէլ նախ առանձին հանդիպում ունեցած է Ալիեւի հետ (Փաշինեանի հետ տեսակցած էր նախորդ օր. տե՛ս՝ վարը), այնուհետեւ տեղի ունեցած է Փաշինեան–Միշէլ–Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը։ Քննարկուած են տարածաշրջանային հաղորդակցութեան կապերու եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ապահովութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետացածներու եւ մարդասիրական այլ խնդիրներու վերաբերող հարցեր: 

Չորս ժամ տեւած բանակցութիւններէն յետոյ Միշէլ յայտարարած է, որ Հայաստան եւ Ազերպայճան վերահաստատած են մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու յանձնառութիւնը, այլ խօսքով եւ ըստ Միշէլի՝ Հայաստանի 29 հազար 800 եւ Ազերպայճանի 86 հազար 600 քառակուսի քմ.ը։ Այս 86 հազար 600 քառակուսի քմ.ին մէջ կը մտնէ նաեւ Արցախը։

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը աւելցուցած է նաեւ, որ շարունակուած են բանակցութիւնները «նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող Հայոց իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցերուն շուրջ»։

“Ես ընդգծեցի Պաքուի եւ այս բնակչութեան միջեւ թափանցիկ եւ շինիչ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։ Կը կարծեմ, որ կարեւոր է զերծ մնալ թշնամական հռետորաբանութենէ, եւ պէտք է բարեխղճօրէն ներգրաւուիլ ու նախաձեռնարկ ըլլալ՝ փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներու հասնելու համար”,– նշած է ան։

Կողմերը համաձայնած են Յունիս 1-ին քննարկումները շարունակել Քիշնեւի մէջ։

*  *  *

Նախորդ օր՝ Մայիս 13-ին, վարչապետը ոչ-պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած է Շառլ Միշէլի հետ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական կացութեան շուրջ:

Վարչապետը անդրադարձած է վերջին օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ազերպայճանական զինուած ուժերու ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, որոնք միտում ունին խաթարելու խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման ուղղուած ջանքերը:

Քննարկուած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ գոյացած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Միշէլ եւ Փաշինեան խօսած են նաեւ Քիշնեւի մէջ, Մաքրոնի եւ Շոլցի մասնակցութեամբ ծրագրուած հանդիպման մասին։ ■