Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանը ընդգծած է՝ Արցախ եւ յարակից տարածքներ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու հրամայականը

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի 216-րդ նստաշրջանի առաջին նիստին ելոյթ ունենալով անդրադարձած է 2022 Սեպտեմբեր 13-ին Ազերպայճանի յարձակումներու հետեւանքով տուժած մարզերուն մէջ կրթական համակարգի կրած վնասներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։ Ան համոզում յայտնած է, որ ԻՒՆԷՍՔՕ պատասխանատւութիւն կը կրէ բոլոր այն մարդոց համար, որոնց կրթութեան իրաւունքը կ՚ոտնահարուի։

Դեսպանը յիշատակած է Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքները Արցախի բնակչութեան համար, այդ կարգին՝ 30.000 երախաներու կրթութեան իրաւունքի ոտնահարումը, եւ ընդգծած՝ Արցախ եւ յարակից տարածքներ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու հրամայականը։

Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Ազերպայճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ,– մասնաւորաբար Շուշի եւ Հադրութ,– հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգներու առնչութեամբ։