Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահուհի Անն-Լոռանս Փեթէլ Թուիթըրի իր հաշիւին կատարած է հետեւեալ գրառումը՝ Մայիս 17-ին Սոթքի շրջանին վրայ՝ ազերպայճանական յարձակման կապակցութեամբ.
«Այսօր Սոթքի մէջ Հայաստանի սահմանները պաշտպանող 20-ամեայ հայ զինուոր մը եւս զոհուեցաւ։
Այսօր Ազերպայճան խախտեց միջազգային իրաւունքը՝ կրակելով զինք հիւանդանոց փոխադրող շտապօգնութեան կառքին վրայ։
Այսօր Ազերպայճան ինքզինք դրսեւորեց խուլիգան պետութեան մը նման. հրատապ է հասցէական ձեւով նշել յարձակողին եւ յարձակման ենթարկուողին անունները»։