Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տարեկան զեկոյցին հիմնական կէտերը

Քրիստինէ Գրիգորեան

Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Քրիստինէ Գրիգորեան, Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին՝ ներկայացուցած է իր գլխաւորած գերատեսչութեան տարեկան զեկոյցին հիմնական կէտերը։

Անոր համաձայն՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ լարումի վերարծարծման հաւանականութիւնը ներկայիս կը գնահատուի չափազանց ցած։ Միաժամանակ, Գրիգորեան շեշտած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ պիտի աճին երկրի ներքաղաքական գործընթացներուն արտաքին միջամտութեան վտանգները։

“Ընտրական գործընթացները աւանդաբար պարարտ հող կը հանդիսանան արտաքին դերակատարներուն համար, որոնք կը ձգտին ընդլայնել իրենց ազդեցութիւնը”,– նշած է ան՝ բացատրելով զեկոյցի համապատասխան բաժինը։

Խօսելով Հայաստանի դէմ ծառացած հիպրիտային (խառնաձեւ) սպառնալիքներուն մասին, արտաքին հետախուզութեան ղեկավարը խուսափած է յստակ պետութիւններու անուններ տալէ, սակայն ընդգծած, որ նման գործողութիւնները համակարգային եւ թիրախային բնոյթ կը կրեն։

Եզրափակելով՝ ան յայտնած է, որ ռազմաքաղաքական կայունութեան տեսանկիւնէն 2026 թուականը կրնայ ըլլալ համեմատաբար աւելի անվտանգ, սակայն ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ երկրի հաստատութենական դիմադրողականութեան պաշտպանութեան առնչուող վտանգները պիտի շարունակուին։