Եւրոպական խորհրդարանի վարչական շէնքին մօտ պիտի զետեղուի Հայոց այբուբենի յուշարձանը

Յուշարձան այբուբեն

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում մը որդեգրած է, որով նախատեսուած է դրամական միջոցներ յատկացնել Սթրազպուրկի մէջ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի վարչական շէնքին յարակից տարածքին մէջ յուշարձան մը զետեղելու համար:

Այս մասին կը տեղեկանանք «Առաջին լրատուական» ալիքէն:

Կը նշուի, թէ այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին հետ: