Հայաստան կը կառուցէ տարածաշրջանի մեծագոյն տուրմի գործատունը. 145 միլիոն եւրոյի ներդրում եւ 2000 նոր աշխատանք

Տուրմ

Հայաստանի մէջ կ՚ընթանայ տարածաշրջանի մեծագոյն տուրմի (շոքոլա) եւ հրուշակեղէնի գործատան շինարարութիւնը։ «Վելար Կրուփ» (Vellar Group) ընկերութեան կողմէ իրականացուող այս հսկայական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ 145 միլիոն եւրոյի ներդրում՝ 25 հեկտար տարածքի վրայ արտադրական համալիր մը հիմնելու համար։

Յունուար 20-ին, ՀՀ Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան եւ փոխնախարար Էտկար Զաքարեան այցելած են գործադաշտ (chantier)՝ ծանօթանալու աշխատանքներու ընթացքին։

Նշենք, որ անհրաժեշտ ընդհանուր 145 միլիոն եւրոյին 120 միլիոնը արդէն իսկ ներդրուած է, իսկ մնացեալ 25 միլիոնը պիտի յատկացուի մօտիկ ապագային։ Գործատունը, որ պիտի սկսի իր ամբողջական հզօրութեամբ գործել երեք տարիէն, 2000 նոր աշխատանք պիտի հայթայթէ, օրական պիտի արտադրէ մինչեւ 200 թոն հրուշակեղէն, օգտագործմամբ՝ գերմանական եւ դանիական նորագոյն արհեստագիտութիւններու։

«Վելար Կրուփ»-ը մաս կը կազմէ շուէտական ծագումով GNG միջազգային գործարար խումբին: