Սթոքհոլմի Իրաւարար դատարանը ամբողջութեամբ մերժած է ՀԵՑ-ի գործով Կարապետեաններու պահանջները
Սթոքհոլմի Իրաւարար դատարանը ամբողջութեամբ մերժած է «Liormand Holdings Limited» ընկերութեան, ինչպէս նաեւ Սամուէլ, Եթերի, Սարգիս եւ Կարէն Կարապետեաններու (այսուհետեւ՝ «բողոքարկուներ») ներկայացուցած բողոքը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի կառավարութիւնը:
Բողոքարկուները դատարանէն կը պահանջէին.
- Հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ «արտակարգ իրաւարար»-ի 2025 Յուլիս 22-ի որոշումը չյարգելու փաստը:
- Վերականգնել «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան արտօնագիրը եւ անոր կառավարման մարմիններու լիազօրութիւնները:
- Դադրեցնել նշանակուած առժամեայ կառավարիչին լիազօրութիւնները:
- Արգիլել ՀԷՑ-ի բաժնեթուղթերու կամ այլ գոյքերու հարկադիր վաճառքը կամ օտարումը:
Դատարանին որոշումը
Իրաւարար դատարանը մերժած է վերոյիշեալ բոլոր պահանջները՝ եզրակացնելով, որ բողոքարկուներուն առաջարկած ապահովման միջոցները հիմնաւորուած չեն: Բացի ատկէ, դատարանը որոշած է, որ բողոքի քննութեան հետ կապուած բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ բողոքարկու կողմը:
Այս որոշումով դատարանը հարցը չի փակեր, այլ դռները բաց կը պահէ՝ ապագային բոլոր փաստերը քննելու եւ աւելի ստոյգ վճիռ մը կայացնելու համար։
Ի դէպ, դատարանին այս առաջին եզրակացութիւնը գոհացուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ողջունած է վճիռը՝ կարեւոր համարելով այն հանգամանքը, թէ վէճը պէտք է լուծուի բուն Իրաւարար դատարանին, եւ ոչ թէ «արտակարգ իրաւարար»-ի մը կողմէ: Կառավարութիւնը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու մասնակցութիւնը դատական գործընթացին՝ պաշտպանելով պետութեան շահերը:
