Վերջին հայերն ալ կը մեկնին Արցախէն. 11 հոգի տեղափոխուած է Հայաստան
Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախէն վերջին հայերն ալ մեկնած են։ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնած է, որ 10 հայեր եւ ծագումով ռուս Հայաստանի մէկ քաղաքացի դիմած են Հայաստան տեղափոխուելու խնդրանքով եւ արդէն հասած են Հայաստան:
Տեղափոխուածները ներկայիս կը գտնուին Գորիսի մէջ: Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւվանէսեան տեղեկացուցած է, որ բոլորը բժշկական քննութեան ենթարկուած են. անոնցմէ մէկը փոխադրուած է Գորիսի հիւանդանոցը, իսկ միւս 10-ին վիճակը կը գնահատուի գոհացուցիչ:
Թէեւ պաշտօնական անուանացանկ չէ հրապարակուած, սակայն ազերպայճանական տեսանիւթերէն հարազատները ճանչցած են քանի մը հոգի, որոնք մնացած էին Ստեփանակերտի կամ յարակից շրջաններու մէջ:
Ճնշումի տակ կորզուած «յայտարարութիւններ»
Այս արցախցիներէն ոմանք, որոնք այնքա՜ն դաժան փորձութիւններ ապրելէ ետք՝ որոշած են ի վերջոյ անցնիլ Հայաստան, ազերպայճանական ճնշումի տակ կատարած են վիճայարոյց յայտարարութիւններ։
Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան շեշտած է, որ այս անձերը ազերպայճանական տեսախցիկներուն առջեւ կամ դատարաններուն մէջ (օրինակ՝ ընդդէմ Ռուբէն Վարդանեանի) իրենց կամքով չէ որ խօսած են:
“Ակնայայտ է, որ մարդիկ խօսած են պարտադրանքի, սպառնալիքի եւ հոգեբանական ճնշման տակ”,– նշած է Ստեփանեան՝ յորդորելով հանրութեան եւ հարազատներուն չմեղադրել զանոնք, այլ ցուցաբերել բացառապէս հոգատարութիւն: Ըստ անոր՝ դեռ պարզ չէ, թէ ինչպիսի նուաստացումներու եւ խոշտանգումներու ենթարկուած են այս մարդիկը ազերպայճանցիներով բնակեցուած քաղաքին մէջ:
