Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու առժամեայ հաւատարմատար նշանակուած է Տեյվիտ Ալէն

Screenshot

Screenshot

Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանատունէն։

Տեյվիտ Ալէն Հայաստան ժամանած է 2024-ին՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու փոխդեսպան։

«Բարձր գնահատելով հայ ժողովուրդին ջերմ, հիւրընկալ ու բարեկամական վերաբերումը՝ առժամեայ հաւատարմատար Ալէն կը փափաքի աւելի լաւ ճանչնալ այս գեղեցիկ երկիրը, աւելի շատ մարդոց հետ շփում ունենալ ու իր ներդրումը բերել աւելի ապահով, խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայ կերտելու մեր ընդհանուր նպատակներու կենսագործման ու յառաջ մղման մէջ»,– կ՚ըսէ դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը։