Միքայէլ արքեպիսկոպոսին նկատմամբ սահմանուած է տնային կալանք

Աջապահեան-1

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի կալանքը 8 ամիս ետք վերցուած է։ Վերաքննիչ դատարանը ընդառաջելով փաստաբաններուն դիմումին՝ Փետրուար 6-ին որոշած է այսուհետեւ կիրարկել տնային կալանք։

Սրբազանը ամիս մը առաջ վիրահատուած էր. փաստաբանները կը պնդեն, որ առողջական խնդիրները թոյլ չեն տար զինք բանտին մէջ պահել։

Աջապահեան արք. ճաղերու ետին կը գտնուէր իշխանութիւնը բռնագրաւելու կոչի մեղադրանքով։ Իրաւապահները յանցագործութիւն որակած էին հարցազրոյցներու ընթացքին անոր արտայայտած մտքերը, երբ ան խօսած էր ռազմական յեղաշրջում կատարելու անհրաժեշտութեան մասին։ Առաջին ատեանի դատարանը զինք մեղաւոր ճանչցած էր եւ դատապարտած՝ երկու տարի բանտարկութեան։ Այս որոշումը տակաւին ի զօրու չէ դարձած, քանի որ թէ՛ Աջապահեանը եւ թէ՛ դատախազները այդ որոշումին դէմ բողոք ներկայացուցած են Վերաքննիչ ատեան, բնականաբար տարբեր շարժառիթներով։ Մինչ Արքեպիսկոպոսը արդարացում կը պահանջէ, Գլխաւոր դատախազութիւնը կը համարէ, որ երկու տարի պատիժը քիչ է։

Աւելցնենք, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան իր իրաւունքներու խախտման հարցով դիմած է Եւրոպական ատեան։ Սրբազանին փաստաբանները Սթրազպուրկ ներկայացուցած են Եւրոպական համաձայնագիրի քանի մը յօդուածներու խախտումներ։ Ըստ դիմումին՝ ոտնահարուած են հոգեւորականին անձնական անձեռնմխելիութեան եւ արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքները, իսկ քրէական հետապնդումը պարզապէս քաղաքական նպատակներ ունի։