Ռուսաստանի դեսպանը կանչուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն
Screenshot
Փետրուար 6-ին Պաքուի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Միխայէլ Եւտոքիմով կանչուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
«APA» գործակալութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի դեսպանին բողոքագիր մը յանձնուած է Ռուսաստանի Պետական Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերու յանձնախումբի ղեկավարի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլինի՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն մասին կատարած յայտարարութեան պատճառով։
«Հանդիպման ընթացքին ռուսական կողմին կոչ ուղղուած է ձեռնարկելու համապատասխան միջոցներու՝ դադրեցնելու համար Զաթուլինի նման անձերու ապակառուցողական գործունէութիւնը, որոնք կը փորձեն խաթարել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը տարածաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր շեշտուած է նաեւ որ այդ յայտարարութիւնները «անընդունելի» են, «կը հարուածեն Ազերպայճանի ինքնիշխանութիւնը» եւ «բացայայտ աջակցութիւն են անջատողականութեան»:
Ի՞նչ ըսած է Զաթուլին
Քոնսթանթին Զաթուլին, «Լազարեան ակումբ»-ի անունով հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ, հայ ռազմագերիներուն դէմ Պաքուի արձակած դատավճիռները որակած է՝ «շինծու դատավարութեամբ» կատարուած «հաշուեյարդար»։
Զաթուլին յատկապէս նշած է, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող գործընթացը ոչ թէ արդարադատութիւն է, այլ՝ անձնական վրէժխնդրութիւն եւ հաշուեյարդար Արցախի նախկին ղեկավարներուն նկատմամբ: Ան պահանջած է անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գործիչները:
Ըստ ռուս երեսփոխանին, այս դատավճիռները ուղղուած են Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքին դէմ:
Ան նաեւ քննադատած է վարչապետ Փաշինեանը՝ զայն ամբաստանելով դաւաճանութեան եւ անգործութեան մեղադրանքներով՝ գերիներու հարցին մէջ: