Միլանօ-Գորթինա 2026 – Ազերպայճան կը բողոքէ «Արցախ» երաժշտութեան օգտագործման դէմ
Ուրբաթ, Փետրուար 6-ին, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքի նշանաւոր Սան-Սիրօ մարզադաշտին մէջ բացումը կատարուեցաւ 25-րդ Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, որոնք պիտի ընթանան Միլանոյի եւ Գորթինայի մէջ զուգահեռաբար։ Մինչ աշխարհի տարբեր երկիրներու մարզիկներ կը պատրաստուին տօնախմբելու մարզական ոգին եւ խաղաղութիւնը, Ազերպայճանը արդէն իսկ սկսած է քաղաքականացնել մրցաշարքը։
Ազերպայճանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն (ԱՈԿ) յայտարարած է, որ պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է հայ գեղասահորդներու զոյգին կողմէ ընտրուած երաժշտութեան առնչութեամբ։ Խօսքը Նիքիթա Ռախմանին եւ Քարինա Ակոբովա զոյգին մասին է, որ իր մրցութային ծրագրին մէջ ընդգրկած է Արա Գէորգեանի հանրածանօթ «Արցախ» ստեղծագործութիւնը։
ԱՈԿ-ը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է եւ բողոքած Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին (ՄՈԿ)՝ պնդելով, որ «Արցախ» անուանումը եւ երաժշտութիւնը կը պարունակեն «քաղաքական եւ անջատողական բովանդակութիւն»։ Անոնք կը պնդեն, որ սա կը ցոլացնէ Հայաստանի «տարիներու ապօրինի եւ անջատողական քաղաքականութիւնը»։
Ազերպայճանական կողմը յայտարարած է, որ նման երաժշտութեան օգտագործումը կը հակասէ ողիմպիական արժէքներուն եւ կը խախտէ Ողիմպիական հռչակագիրը, որ կ՚արգիլէ քաղաքական կամ անջատողական քարոզչութիւնը խաղերու ընթացքին։ Ըստ Ազերպայճանի՝ այս քայլը կը վնասէ մարզական բարոյականութեան եւ կը սպառնայ տարածաշրջանի խաղաղութեան։
Նշենք, որ գեղասահքի կանոնները կը թոյլատրեն մարզիկներուն ազատօրէն ընտրել իրենց երաժշտութիւնը։ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հանդէս եկող գեղասահքի զոյգը՝ Քարինա Ակոբովան եւ Նիքիթա Ռախմանինը, անցեալ ամիս յայտարարած էր, որ իր կարճ ծրագիրը պիտի ներկայացնէ Արա Գէորգեանի «Արցախ»-ի հնչիւններուն ներքոյ։ Անոնց ելոյթը նախատեսուած է Փետրուար 15-ին։
Նշենք, որ Ակոբովան եւ Ռախմանինը նաեւ Հայաստանի դրօշակակիրներն էին Ձմեռնային ողիմպիականներու բացման արարողութեան։ Հայկական պատուիրակութիւնը կը բաղկանար հինգ մարզիկէ։ Անոնք հանդէս կու գան երեք մարզաձեւերու մէջ: Բացի գեղասահքի մարզաձեւին մէջ վերեւ նշուած զոյգէն՝ դահուկավազքի (ski de fond) մրցոյթին Հայաստանը կը ներկայացնեն Միքայէլ Միքայէլեան եւ Քաթիա Գալստեան, լեռնադահուկային (ski alpin) մրցոյթին ալ՝ Յարութիւն Յարութիւնեան: