ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի պատմական այցելութիւնը Երեւան 

Փաշ-Վենս

Ստորագրուած է հիւլէական որակաւորման նոր համաձայնագիր

Երկուշաբթի, Փետրուար 9-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս (J.D. Vance) երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան։ Սա պատմական իրադարձութիւն է, քանի որ Վենս կը հանդիսանայ ԱՄՆ-ու պաշտօնավարող առաջին փոխնախագահը, որ կ՚այցելէ Հայաստան: Անոր կ՚ընկերակցէին կինը՝ Ուշա Վենսը, եւ իրենց զաւակները:

Վենս նախ գլուխ-գլխի զրոյց մը ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հետ, որմէ ետք տեղի ունեցած է միացեալ մամլոյ ասուլիս: Հանդիպման առանցքային արդիւնքը եղած է քաղաքացիական հիւլէական ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան մասին համաձայնագրի ստորագրումը:

Հիւլէական բնագաւառին առնչուող խիստ կարեւոր համաձայնութիւն 

Այս համաձայնագիրը, որ կը կրէ «123 Agreement» անուանումը, Միացեալ Նահանգներուն թոյլ պիտի տայ ամերիկեան հիւլէական արհեստագիտութիւն եւ սարքաւորումներ (ներառեալ փոքր մոտիւլային ռէաքթէօրներ) արտածել Հայաստան:

Վենս յայտարարած է, որ այս գործարքը կրնայ մինչեւ 5 միլիառ տոլարի նախնական, եւ յաւելեալ 4 միլիառ տոլարի երկարաժամկէտ ներդրում ապահովել Հայաստանին՝ վառելիքի եւ սպասարկման ծրագրերու միջոցաւ:

Այցելութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ տնտեսական եւ պաշտպանական հարցեր։

Յայտարարուած է շուրջ 11 միլիոն տոլար արժողութեամբ ամերիկեան անօդաչու սարքերու (V-BAT drones) վաճառքի մասին:

Վենսի այցելութեան նպատակներէն մէկն էր խթանել ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի TRIPP նախաձեռնութիւնը, որ կը նախատեսէ տարածաշրջանային առեւտրային նոր միջանցքներու ստեղծում:

Վենսի ուղերձը Փաշինեանի հետ մամլոյ ասուլիսին 

Հայաստանի վարչապետին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ Վենս շեշտած է խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը՝ նշելով. “Խաղաղութիւնը չեն կերտեր զգուշաւոր մարդիկ։ Խաղաղութիւնը չեն կերտեր անոնք, որոնք չափազանց կեդրոնացած են անցեալին վրայ։ Խաղաղութիւնը կը կերտեն անոնք, որոնք կեդրոնացած են ապագային վրայ”:

Խօսքը յղելով վարչապետ Փաշինեանին, Վենս աւելցուցած է. “Ան անձնաւորութիւն մըն է, որ ի վիճակի է երկարաժամկէտ համագործակցութիւն կառուցել”։

Հայաստան այցելութենէն ետք, Վենս եւ իր պատուիրակութիւնը պիտի մեկնին Ազերպայճան (Փետրուար 10-11)՝ շարունակելու տարածաշրջանային խաղաղութեան գործընթացի քննարկումները: