Ռուսաստան եւ Ազերպայճան կը խորացնեն իրենց ռազմական գործակցութիւնը
Մոսկուա պիտի մասնակցի ազերպայճանական զրահապատներու նորոգման կեդրոններու արդիականացման
Ռուսաստան եւ Ազերպայճան համաձայնած են ընդարձակել իրենց ռազմական գործակցութիւնը՝ ազերպայճանական բանակին զրահապատ զինուորական կառքերու նորոգման ու արդիականացման ասպարէզին մէջ։
Նոյեմբեր 1-ին, Ռուսաստանի Ռազմարհեստագիտական գործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկաեւ յայտնած է, թէ ռուս մասնագէտներ պիտի մասնակցին նորոգման նոր կեդրոններու կառուցման եւ գոյութիւն ունեցող սարքաւորումներու արդիականացման։
Այս նոր համաձայնութիւնը կու գայ ա՛լ աւելի ամրապնդելու Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ տարիներէ ի վեր հաստատուած ռազմական գործակցութիւնը։ Յիշեցնենք, որ 2022 Փետրուար 22-ին՝ Ուքրաինայի վրայ ռուսական լայնածաւալ յարձակումէն երկու օր առաջ, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած էին դաշնակցային գործակցութեան հռչակագիր մը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ ռազմարհեստագիտական մարզը։
Ռուսաստան երկար տարիներ եղած է Ազերպայճանի զէնքի գլխաւոր մատակարարներէն մէկը։ Սթոքհոլմի խաղաղութեան հետազօտութեան միջազգային հիմնարկին (SIPRI) համաձայն՝ 2011-2020 շրջանին Պաքուի ներածած ծանր սպառազինութեան 60 առ հարիւրը ռուսական ծագում ունէր։ Այդ զէնքերուն մէկ մասը գործածուեցաւ 2020-ի արցախեան պատերազմին։
Այսօրուան գործակցութիւնը միայն նոր զէնքերու վաճառքով չի սահմանափակուիր։ Նորոգման կեդրոններու ստեղծումը Ազերպայճանին թոյլ պիտի տայ պահպանել եւ երկարաձգել իր զրահապատներուն գործածութեան տեւողութիւնը, մինչ Մոսկուա պիտի շարունակէ անհրաժեշտ պահեստամասերն ու մասնագիտական սպասարկումը հայթայթել։
Այս զարգացումը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ռուսաստանի զէնքի արտածումները զգալի անկում արձանագրած են։ SIPRI-ի 2026-ի տուեալներուն համաձայն՝ 2021-2025 հնգամեակին անոնք 64 առ հարիւր նուազած են նախորդ հինգ տարիներուն բաղդատմամբ։
Միւս կողմէ, Ազերպայճան կը շարունակէ ընդլայնել իր ռազմական գործընկերներուն շրջանակը՝ սերտ գործակցութիւն պահպանելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ, միաժամանակ օգտուելով ռուսական զինուորական փորձառութենէն եւ սարքաւորումներէն։
Այս կացութեան անդրադառնալով՝ հրապարակագիր Արամ Ամատունի դիտել կու տայ, որ Մոսկուա կը փորձէ պահպանել իր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, մինչ Պաքու կը զօրացնէ իր բանակն ու կը բազմազանացնէ արտաքին կապերը։
Յօդուածագիրը կը շեշտէ նաեւ այն հակասութիւնը, որ կը գոյանայ հայեւազերպայճանական խաղաղութեան գործընթացին եւ Ազերպայճանի շարունակական սպառազինման միջեւ։ 2025 Օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ, երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները նախաստորագրեցին խաղաղութեան համաձայնագրին բնագիրը, սակայն անոր վերջնական ստորագրութիւնն ու վաւերացումը տակաւին կը պահանջեն յաւելեալ քայլեր։
Ամատունիի գնահատումով՝ Հայաստանի անվտանգութեան համար անհրաժեշտ է ամրապնդել սեփական պաշտպանական կարողութիւնները, բազմազանացնել զինամթերքի մատակարարները եւ խաղաղութեան համաձայնութիւններուն գործադրութիւնը ապահովել յստակ ու վստահելի երաշխիքներով։
