Երեւանի մէջ Աւստրիական զարգացման գործակալութեան գրասենեակին պաշտօնական բացման արարողութեան ժամանակ, ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան և այս օրերուն աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող՝ Աւստրիոյ իր պաշտօնակից Ալեքսանտեր Շալենպերկ ստորագրած են միացեալ յուշագիր մը՝ ԵՄ–ի Արևելեան գործընկեր պետութիւններու հետ 2022-2024 Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան շրջանային ռազմավարութեան վերաբերեալ:
Աւստրիոյ ԱԳ նախարարը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին
Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարին ուղեկցութեամբ:
Հիւրերը դիմաւորած և յուշահամալիրի ստեղծման պատմականը ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան: Երկու երկիրներու դիւանագէտները ծաղկեպսակներ զետեղած են Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետև՝ ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին առջեւ, ուր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են մեր սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը: