«Պաշտօնաթող նախագահներուն քաղաքականութենէն հեռանալը կ՚ուզեն Փաշինեանն ու Ալիեւը»

Սերժ Սարգսեան

«Պաշտօնաթող նախագահներուն քաղաքականութենէն հեռանալը կ՚ուզեն երկու գործիչներ՝ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը»,– «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդած «Պատիւ ունեմ» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան։

«Հանրապետական» երեսփոխանը Փաշինեանին յիշեցուցած է, որ պաշտօնաթող նախագահները պատմութեան մէջ պիտի մնան որպէս յաղթանակած նախագահներ, իսկ «Նիկոլ Փաշինեանը՝ վարչապետ մը, որ Ազերպայճանին յանձնած է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նորագոյն շրջանի ամենակարեւոր եւ նուիրական յաղթանակը»։

Վարչապետ Փաշինեան Փետրուար 13-ին յայտարարած էր, թէ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք «այլեւս պիտի չտեսնէք քաղաքականութեամբ զբաղող նախկին նախագահ»։ Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած էր, թէ նախկին բոլոր իշխանութիւնները վերջնականապէս եւ անվերադարձ դուրս պիտի շպրտուին քաղաքականութենէն։

Հանրապետական Մամիջանեան նաեւ յիշեցուցած է. “Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի մեծագոյն եւ առանցքային ընդդիմադիր ուժերէն մէկուն՝ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահն է”։