Պաքուի դատարանը Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտած է 20 տարի բանտարկութեան
Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի դատարանին կողմէ դատապարտուած է 20 տարի բանտարկութեան։ Ազերպայճան զինք մեղաւոր ճանչցած է շարք մը յանցանքներու, ի շարս որոնց՝ «ահաբեկչութեան գանձատրման» եւ պատերազմ մղելու մեղադրանքներով։
Վարդանեան, որ դատավարութիւնը որակած էր «խեղկատակութիւն», արգիլած էր իր փաստաբանին պաշտպանական փաստարկներ ներկայացնել։ Մօտ մէկ տարի տեւած դատավարութեան ոչ մէկ անկախ դէտ կամ լրասփիւռ մասնակցած է։
Օրեր առաջ, Իլհամ Ալիեւ բացառած էր Արցախի ղեկավարութեան ազատ արձակումը՝ զանոնք համեմատելով նացիներու հետ եւ պնդելով, որ անոնք ծանր ոճիրներ գործած են։
