Ըստ հաւաստի աղբիւրներու՝ Հայր Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարած է թէ՛ պապական նուիրակի եւ թէ՛ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդի իր պաշտօններէն։
Ինչ կը վերաբերի առաջին պաշտօնին՝ Արեւելեան եկեղեցիներու համագումարը Հայր Լեւոնին օժանդակելու համար նշանակած է Հայր Մեսրոպ Սուլահեանէ, Հայր Սերոբ Չամուրեանէ եւ Հայր Նարեկ Տատուրեանէ բաղկացած մատակարար խմբակ մը, անոր իբրեւ քարտուղար ալ՝ Հայր Համազասպը։
Հայր Լեւոն այս կարգադրութիւնը որպէս անվստահութեան նշան ընդունելով՝ իր հրաժարականը ներկայացուցած է։
Ինչ կը վերաբերի Հայ կաթողիկէներու Պոլսոյ թեմի առաջնորդութենէն անոր հրաժարումին, այնպէս կը թուի թէ այդ մէկը աւելի կապուած է Հայր Լեւոնի տարիքին հետ (77)։
Իսկ Մխիթարեան աբբահայրութեան համար ալ՝ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը պիտի առաջադրէ թեկնածուներ, ու պիտի ընտրէ Հայր Լեւոնի յաջորդը։
Յիշեցնենք որ Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի դատը դեռ կը շարունակուի, վարժարանը մատակարարող ընկերակցութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միջեւ։ Անկասկած այս որոշումները հետեւանք են անյաջող ելքին, որ Սեւրի վարժարանի ճակատագիրը ունեցաւ։ ■