Հայաստան ձեռնպահ մնաց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին՝ Ուքրաինայի վերաբերող բանաձեւէն
Հայաստան այն երկիրներու շարքին էր, որոնք ձեռնպահ մնացին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի՝ Ուքրաինայի պատերազմին վերաբերող բանաձեւի քուէարկութեան ընթացքին։ Այս բանաձեւը կը վերահաստատէր Ուքրաինայի գերիշխանութիւնն ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները եւ կ՚ընդգծէր միջազգային իրաւունքի համաձայն հաշուետուութեան եւ պատասխանատւութեան անհրաժեշտութիւնը։ Բանաձեւը վաւերացուեցաւ 93 թեր, 18 դէմ եւ 65 ձեռնպահ քուէներով, որոնց կարգին էր նաեւ Հայաստանը:
«Ուքրաինայի մէջ համապարփակ, արդար եւ մնայուն խաղաղութեան խթանում» բանաձեւի նախագիծը, որ առաջարկուած էր Ուքրաինայի կողմէ եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւրոպական շարք մը երկիրներու, երեք էջնոց փաստաթուղթ մըն է։ Ան կ՚ընդգրկէ կէտեր, ուր կը նշուի, թէ «Ռուսաստանի կողմէ Ուքրաինայի դէմ շղթայազերծուած լայնածաւալ ներխուժումը արդէն երեք տարիէ ի վեր կը յարատեւէ եւ կը շարունակէ ունենալ կործանարար ու երկարատեւ հետեւանքներ ոչ միայն Ուքրաինայի, այլեւ այլ տարածաշրջաններու եւ համաշխարհային կայունութեան համար»։
Բանաձեւը կոչ կ՚ընէր յանձնառու մնալու «Ուքրաինայի գերիշխանութեան, անկախութեան, միասնականութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ»,– ինչպէս նաեւ կը շեշտէր միջազգային իրաւունքի համաձայն գործուած յանցագործութիւններուն համար պատասխանատւութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը՝ ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ «արդար ու անկախ հետաքննութիւններու եւ քրէական հետապնդումներու» միջոցով։
