Ազերպայճան պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին
Ըստ ազերպայճանական APA լրատու գործակալութեան՝ երկրին Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ «Ազերպայճանի որեւէ մակարդակով մասնակցութիւն նախատեսուած չէ Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին»։
Նախարարը նշած է, որ նման այցելութիւն նախատեսուած չէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի Մայիս ամսուան ժամանակացոյցին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անցեալ Հոկտեմբերին յայտնած էր, որ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի նախագահները հրաւիրած են Երեւան՝ գարնան կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին: Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանն ալ ըսած էր, որ Երեւան կ՚ակնկալէ երկու երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութիւնը:
Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ հաւանական չէր նկատած Ալիեւի այցելութիւնը Երեւան:
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ տարւոյս Մայիս 4-ին:
