Հայաստանեան «Փաստ» օրաթերթը ապաւինելով իր ստացած տեղեկութիւններուն, կը գրէ, որ ռուս-ուքրաինական հակամարտութեան ենթախորքին՝ ռուսական որոշ շրջանակներ կը փափաքին հաշիւներ բանալ Հայաստանի դրամատուներուն մէջ: Ըստ թերթին աղբիւրներուն՝ հայաստանեան դրամատնային համակարգը, որ բաւական կայուն է, աշխուժ նախապատրաստութեան մէջ է: Ըստ «Փաստ»-ի՝ որոշ տեղեկութիւններ ալ կան, որ շարք մը գործարարներ կ՚ուզեն իրենց ձեռնարկութիւնը Հայաստան փոխադրել:
Անդրադառնալով նշուածի կարելիութեան, ինչպէս նաեւ անոնց օգուտներուն ու վնասներուն՝ «Փաստ»-ի հետ զրոյցին տնտեսագէտ Վարդան Բոստանջեան յայտնած է, որ որոշ ձեռնարկութիւններ Հայաստան փոխադրելու մասին ինք եւս լսած է: “Մի որոշակի զանգուած իր աշխատանքային գործունէութիւնը գոնէ առաջիկայում Հայաստանում է տեսնում: Եւ նրանք կը գան: Ցանկացած նման իրողութիւն մեր ՀՆԱ-ի (PIB) մեծացմանը միտուած գործօն է, ինչը բացասական հանգամանք չի կարող լինել: Բայց, բոլոր դէպքերում, տնտեսվարողները պէտք է ունենան անհրաժեշտ պայմաններ գործունէութիւն իրականացնելու համար:
Ցանկալի է նաեւ, որ տուեալ գործունէութիւնը ոչ թէ առեւտրային, այլ արհեստագիտական բնոյթ կրի: Եթէ այդ «ներգաղթի» պայմաններում փոքր-ինչ զարկ տանք արհեստագիտական բնոյթի գործունէութեան, ես այս տեսանկիւնից դրական միտումներ կը տեսնեմ”,– ըսած է տնտեսագէտը: Ան շեշտած է նաեւ, որ արժեզրկուած տարադրամով որեւէ գործունէութիւն խոցելի պիտի ըլլայ, ուստի անոնք որոնք կը ծրագրեն իրենց գործունէութիւնը շարունակել Հայաստանի մէջ՝ ամենայն հաւանականութեամբ, նկատի առած են այդ վտանգը եւ իրենց պահեստին մէջ ունին տոլար կամ եւրօ:
Ինչ կը վերաբերի հաշիւներու բացումներուն՝ հայկական տարադրամին սպառնացող հաւանական վտանգներուն, Բոստանջեան նշած է, որ մեծ վտանգ չի տեսներ. “Իհարկէ, որոշակի փոփոխութիւն մեր ազգային արժոյթի կտրուածքով կարող է լինել, բայց դա երկրորդ պլան կը մղուի՝ հաշուի առնելով վերոնշեալ գործունէութիւնների ծաւալումը, դրանց ծաւալների մեծացումը”: