Իրան անօդաչու սարքերով հարուածնե՞ր հասցուցած է Նախիջեւանի օդակայանին

Նախիջեւան

Ըստ ազերպայճանական APA լրատու գործակալութեան՝ Իրան անօդաչու սարքերով հարուածներ հասցուցած է Նախիջեւանի օդակայանին։

Կը նշուի, որ Իրանէն արձակուած «Շահէտ-136» անօդաչու սարքերը հարուածած են օդակայանի շէնքն ու այլ տարածքներ։ Ազերպայճանական լրասփիւռները տեսանիւթեր հրապարակած են, ուր պայթումի տեսարաններ կ՚երեւին։

Աւելի ուշ, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արձագանգած է Իրանի զինուած ուժերու Սպայակոյտի յայտարարութեան, թէ Իրանը առնչութիւն չունի Նախիջեւանի օդակայանին վրայ անօդաչուներով գրոհին հետ։

Արդարեւ, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շարունակած է պնդել, որ իրանական անօդաչուներով հարուածներ հասցուած են Նախիջեւանի քաղաքացիական ենթակառոյցներուն։ 

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 28-ին Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները լայնածաւալ ռազմական յարձակում շղթայազերծած էին Իրանի դէմ։ Գործողութեան առաջին իսկ օրը սպանուած էր Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէին։ Ռազմական գործողութիւնները կ՚ընդգրկեն Պարսից ծոցի արաբական երկիրները։ Իրան՝ ի պատասխան, հարուածներ կը հասցնէ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայաններուն եւ Իսրայէլին։ Զուգահեռաբար, Իսրայէլ կը հարուածէ նաեւ Լիբանանը։

Մարտ 4-ին ալ Իրանէն արձակուած ձգաբանական (պալիսթիք) հրթիռ մը, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ օդային տարածքով կ՚ուղղուէր դէպի Թուրքիա, չէզոքացուած է Միջերկրական ծովու արեւելքը տեղակայուած ՕԹԱՆ-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ։

Նոյն օրը, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ եւ անոր յայտնած է իր երկրին պաշտօնական արձագանգը՝ կոչ ընելով զերծ մնալու հակամարտութեան ընդլայնման նպաստող քայլերէ։