Մարտ 10-էն 28 Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու մէջ կը ներկայացուի «Շարժայի ժառանգութեան օրեր» տարեկան փառատօնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան պատուոյ հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցի իր առանձին տաղաւարով։ Լուրը հաղորդած է ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւնը։
12 սրահներու մէջ կը ցուցադրուին հայկական մշակութային ժառանգութեան զանազան տարրերը` սկսած հայ մշակոյթի պատմութենէն մինչև արդի շրջանի կենսունակ ժառանգութիւնը` ձեռագրարուեստ ու մանրանկարչութիւն, երաժշտութիւն ու ժողովրդական արհեստներ (գորգագործութիւն, ասեղնագործութիւն, ժանեկագործութիւն, փայտագործութիւն, խաչքարագործութիւն, տիկնիկագործութիւն և հայկական տարազ):
Փառատօնի ընթացքին տեղի կ՚ունենան ժողովրդական արհեստներու վարպետութեան աշխատանոցներ, իսկ տեսաժապաւէններու միջոցով շարունակաբար կը ներկայացուին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ արձանագրուած հայկական ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքները՝ դուդուկը, խաչքարը, «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը, լաւաշը, քոչարին և Ս. Թադէոս առաքեալի վանքին ուխտագնացութիւնը։
Մշակութային օրերուն հանդէս կու գան հայկական երգի ու պարի, ինչպէս նաև նուագարանային համոյթներ՝ հնչեցնելով հայկական աւանդական մեղեդիներ և ներկայացնելով հայկական պարեր ու երգեր։
«Շարժայի ժառանգութեան օրեր» փառատօնը հիմնադրուած է 2003-ին: Այս տարուան 19-րդ փառատօնին կը մասնակցին աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներ: