Հայաստան Սպանիոյ մէջ կայացող «Համաշխարհային բջջային գոնկրէս 2026»-ին կը ներկայանայ միասնական տաղաւարով
Մարտ 2-ին Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ սկիզբ առած է աշխարհի մեծագոյն եւ հեղինակաւոր արհեստագիտական հարթակներէն մէկը նկատուող «Համաշխարհային բջջային գոնկրէս 2026» (Mobile World Congress 2026) միջազգային ցուցահանդէսը։
Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը չորրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս իրադարձութեան՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» միասնական տաղաւարով։
Նախարարութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ցուցահանդէսին կը մասնակցին արհեստագիտական բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայկական 15 ընկերութիւններ։ Անոնք կը ցուցադրեն կապի նորագոյն միջոցներ, արհեստական բանականութեան լուծումներ եւ այլ նորարարութիւններ՝ նպատակ ունենալով իրենց արտադրանքը ծանօթացնել աշխարհին եւ նոր գործարար կապեր հաստատել միջազգային գործընկերներու հետ։ Տաղաւարին մէջ ներկայացուած են նաեւ նախարարութեան ծրագրերը, «Հայաստանի ներդրումներու աջակցութեան կեդրոն» հիմնադրամը, «Ճարտարագիտական քաղաք» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան, «Firebird»-ի եւ «NVIDIA»-ի հետ համագործակցութեան ծրագիրը։
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ նախարարի տեղակալ Ռուբէն Սիմոնեանը։ Անոր մասնակցութեամբ կը նախատեսուէին շարք մը երկկողմանի ու բազմակողմանի հանդիպումներ եւ ոլորտային քննարկումներ, նպատակ ունենալով ընդլայնել միջազգային դերակատարներու հետ գործակցութիւնը եւ խթանել արհեստագիտական ոլորտի նոր նախաձեռնութիւններ։
