ՓԱՐԻԶ – Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ տաճարի վերանորոգուած Տիրամօր մատուռի բացումը, ներկայութեամբ՝ Անն Հիտալկոյի
Տիրամօր մատուռին վերանորոգման բացումը պիտի կատարուի պաշտօնական արարողութեամբ Չորեքշաբթի, Մարտ 11-ին, Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին համատեղ կազմակերպութեամբ։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի քաղաքապետ տիկին Անն Հիտալկոյի, արարողութեան նախագահող՝ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեանի, ինչպէս նաեւ Թեմական ընկերակցութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ տիար Արա Ահարոնեանի ներկայութեամբ։
Արարողութիւնը պիտի ընդգրկէ աշխատանքներու պաշտօնական աւարտը, երաժշտական պահ մը, ինչպէս նաեւ պատուոյ ընդունելութիւն մը։

Պատմական ակնարկ
1622 թուականին կառուցուած քափուչինեան հայրերու վանքը 1970-ին յանձնուեցաւ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքին։ Անոր եկեղեցին շուտով՝ 1986-ին, պաշտօնապէս պիտի դառնար Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին տաճարն ու առաջնորդանիստը։ Անկէ ի վեր անիկա կը հանդիսանայ ֆրանսական հողի վրայ այս համայնքին հոգեւոր եւ կառուցային սիրտը։ Մայրաքաղաքի 3-րդ թաղամասին՝ Մարէի կեդրոնը գտնուող Հայերու Սուրբ Խաչ տաճարը Փարիզի ամէնէն ուշագրաւ կրօնական կառոյցներէն մէկն է։ Անոր պատմութիւնը կ’երկարի մինչեւ 17-րդ դար։ Դարերու ընթացքին ան հարստացած է Պատմական յուշարձաններու շարքին դասուած, բացառիկ ժառանգութեան արժէք ներկայացնող գործերու եւ յարդարանքներու հաւաքածոյով մը։
Պատմական արժէք ներկայացնող արձանագրուած տարրերուն շարքին կը գտնուին յատկապէս. քանդակազարդ աւագ խորանը, Վերածնունդի դարաշրջանի արձաններ, 17-րդ եւ 19-րդ դարերու գեղանկարներ, ինչպէս նաեւ 19-րդ դարու գունազարդ ապակիներ (վիթրայներ)։
Տիրամօր մատուռին վերանորոգումը իր աւարտին հասած է շնորհիւ գրեթէ մէկ տասնամեակ տեւած վերականգնողական ծրագրի մը, որ արդիւնքն է Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին միջեւ կայացած օրինակելի գործակցութեան։ Ան կը վկայէ փարիզեան պաշտամունքային ժառանգութեան պահպանման ի նպաստ այս երկու հաստատութիւններուն միացեալ յանձնառութիւնը։ Այս վերանորոգումով, Տիրամօր մատուռը կը վերագտնէ իր պատմական ու ծիսական ամբողջական շքեղութիւնը՝ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքին ընծայելով արժանավայել կերպով վերանորոգուած սրբավայր մը, իսկ փարիզեան ժառանգութեան՝ կառոյց մը, որուն գեղարուեստական եւ յիշատակային արժէքը լիովին կը պահպանուի գալիք սերունդներուն համար։


Ժառանգութենական եւ կառուցային տարողութիւն
Սուրբ Խաչ հայկական տաճարը Մարէ թաղամասի ժառանգութեան մէկ մասնիկն է։ Դասուած ըլլալով Պատմական յուշարձաններու շարքին՝ ան միաժամանակ ճարտարապետական մեծ կարեւորութիւն ունեցող կառոյց մըն է եւ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր կեդրոնը։
Տիրամօր մատուռին վերանորոգումը լիովին կը տեղաւորուի Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ վարուող պաշտամունքային ժառանգութեան պահպանման քաղաքականութեան ծիրէն ներս։ Այս քաղաքականութիւնը նպատակ ունի պահպանելու եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու ճարտարապետական, գեղարուեստական եւ հոգեւոր անփոխարինելի ժառանգութիւն մը, որուն ամէնէն արժէքաւոր վկաներէն մէկն է Տիրամօր մատուռը։
Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին համար, որ կը կառավարէ համայն Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ ծուխերը, այս սրբավայրի վերանորոգումը կը ստանայ խորհրդանշական մեծ իմաստ։ Ան կը վկայէ համայնքին կամքը՝ պահպանելու եւ արժեւորելու այն ժառանգութիւնը, որ կը կազմէ Ֆրանսայի մէջ իր հոգեւոր եւ մշակութային ինքնութեան հիմքը։
Վերանորոգման 2018-2026 ծրագիրը
Հայերու Սուրբ Խաչ տաճարի վերանորոգման արշաւը իրականացաւ Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին միջեւ կնքուած մեկենասութեան համաձայնագիրի մը ծիրէն ներս։ Այս պաշտօնական գործակցութիւնը առիթ տուաւ ապահովելու անհրաժեշտ միջոցները՝ ամբողջ կառոյցը լայնածաւալ նորոգութեան ենթարկելու համար։
2016-էն ընթացք առած ընդհանուր վերանորոգումը յանգեցաւ ամբողջ տաճարի աստիճանական վերականգնումին, որ աւարտեցաւ 2026-ին։ Կատարուած աշխատանքները ընդգրկեցին կառուցուածքային խանգարումներու դարմանումը, յարդարանքներու հիմնական նորոգումը, գունազարդ ապակիներու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ պատմական արժէք ներկայացնող գործերու պահպանումը։
2026-ի նորոգութեան շրջագիծը
Տիրամօր մատուռի վերանորոգման աշխատանքները հետապնդեցին չորս հիմնական նպատակներ.
Տիրամօր մատուռը, Սուրբ Փրանկիսկոս Ասսիզեցիի մատուռը եւ աւանդատունը կարիք ունէին լրացուցիչ նորոգութեան՝ ամբողջ կառոյցին ժառանգութենական ներդաշնակութիւնն ու երկարատեւ պահպանումը երաշխաւորելու համար։ Այս վերջին հանգրուանը եկաւ ամբողջացնելու վերանորոգման համընդհանուր ծրագիրը։
Աշխատանքներու նպատակները
– յենարաններու եւ յարդարանքներու կայունացում, ամբողջութեան երկարատեւութիւնը երաշխաւորելու համար.
– ծիսական եւ զարդարման տարրերու վերանորոգում՝ անոնց պատմական հարազատութեան յարգումով.
– ժամանակի ընթացքին յառաջացած աղաւաղումներու դարմանում, ներառեալ՝ կառուցուածքային խանգարումներն ու մակերեսային մաշուածութիւնները.
– տարածքի արժեւորում՝ անոր պատմական ինքնութեան յարգումով, մատուռի նախնական մթնոլորտը վերահաստատելու համար։
Տիրամօր մատուռը
Տիրամօր մատուռը կը հանդիսանայ կառոյցին կեդրոնական եւ հիմնական տարրը։ Որպէս հոգեւոր մեծ նշանակութիւն ունեցող ծիսական տարածք՝ ան անցած է վերափոխման քանի մը մեծ հանգրուաններէ, որոնք կը վկայեն զայն պահպանելու եւ գեղեցկացնելու նկատմամբ հաւատացեալներուն յարատեւ կապուածութիւնը։
Պատմական նորոգութիւններու ժամանակագրութիւն
1812-1813 — Վերանորոգում եւ բարեզարդում. Վերանորոգման առաջին արշաւ մը ամբողջութեամբ կը գանձատրուի հաւատացեալներու նուիրատւութիւններով, ինչ որ կը վկայէ մատուռին եւ անոր կապուած համայնքին միջեւ եղած կապին զօրութիւնը։ Այս աշխատանքները կ’ընդգրկեն ընդհանուր վերանորոգում եւ ներքին յարդարանքներու բարեզարդում։ Կապալառու «Թայեան» կ’իրագործէ դասի ճակատազարդը գեղեցկացնող յօրինուածք մը։ Առաստաղները, մատուռներն ու վերնասրահները կը կրաշաղախուին։ Հաւանաբար այս առիթով կը տեղադրուին Կրօնքն ու Գթութիւնը մարմնաւորող գաճէ երկու արձաններ, որոնք հեռացուած են նախքան 1950-ական թուականները։
1829-1832 – 19-րդ դարու ընդարձակումներ եւ բարեկարգումներ. 1819-էն սկսեալ կ’արծարծուի ընդարձակման ծրագիր մը։ Ճարտարապետ Փիէր-Անն Տըտրէօ կը կառուցէ երէցտուն մը եւ նոր մատուռ մը (ծանօթ որպէս Սուրբ Փրանկիսկոսի կամ Խաչի)։ 1844-ին Գավայէ-Գոլ կը ստեղծէ նոր երգեհոն մը, իսկ 1846-ին կը տեղադրուի Պալթարի գծագրած քարոզի ամբիոնը։
1853-1860 – Վիքթոր Պալթարի աշխատանքները. Փարիզի քաղաքապետարանի ճարտարապետը կը ղեկավարէ քանի մը մեծածաւալ աշխատանքներ. իտալական Վերածնունդի ոճով ներկայի գաւիթի կառուցումը (1853-1854), Տիրամօր մատուռի ընդարձակումը (1859-1860)՝ պատի բացումով եւ երեք կամարներ կրող երկու որմնասիւներու ստեղծումով, ինչպէս նաեւ նաւի կարեւոր որմնադրական, գեղազարդման եւ ապակեգործական աշխատանքներ։ Հետագային, 1864-1865 թուականներուն, չորս գեղանկարներ կ’ապսպրուին նաւին համար, իսկ 1872-ին կը տեղադրուին Էմիլ Հիրշի ութ պատկերազարդ ապակիները։
1875 – Բնական լուսաւորման բարելաւում. կ’իրագործուին յատկապէս բնական լուսաւորութեան բարելաւման միտող աշխատանքներ՝ նպաստելով յարդարանքներու արժեւորման եւ մատուռի ծիսական մթնոլորտի որակին։
20-րդ դար – 1901-ին ճարտարապետ Պուշոն կը բանայ չորս նոր լուսամուտներ Շառլօ փողոցին նայող ճակատին վրայ։ 1954-ին տեղի կ’ունենայ ներքին մաքրման մեծ արշաւ մը՝ զուգորդուած նաւի գեղանկարներու վերանորոգմամբ։ 1960-ականներուն կը հեռացուին «Պիյէթի հրաշքը» պատկերող գորգերը՝ անոնց հակասեմական բնոյթին պատճառով։ 1970-1971 թուականներուն եկեղեցին կը յատկացուի հայ կաթողի-
կէ պաշտամունքին եւ պաշտօնապէս կը վերանուանուի Սուրբ Խաչ տաճար։ Վերջապէս, 1988-ին, ճակատի վերանորոգումը երեւան կը հանէ սկզբնական բազմագոյն յարդարանքը, որ ծածկուած էր 20-րդ դարու ընթացքին։ ■
