Մարտ 10-ին, Եւրոպական խորհրդարանը (ԵԽ) հրատապ ընթացակարգով եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունած է Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ բանաձեւը։
Բանաձեւին թեր քուէարկած է 635 երեսփոխան, դէմ՝ 2 եւ ձեռնպահ մնացած են 42 ուրիշներ։:
ԵԽ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Ազէրպայճանի մէջ պետական մակարդակով տարուող հայատեաց քաղաքականութիւնը։ ԵԽ-ի կողմէ ընդունուած բանաձևին մէջ առաջին անգամ ըլլալով օգտագործուած է «arménophobie» («հայատեացութիւն») եզրը։
Բանաձեւին մէջ շեշտուած է, թէ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումէն բացի, Ազէրպայճանի մէջ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան դրսևորումներէն են նաև պատմութեան սրբագրումը, Հայերու նկատմամբ բռնութեան փառաբանումը, Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ տարածքային պահանջները, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն խաղաղութիւնը և կը խաթարեն Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը։