Վարչապետը 65 տոկոսի նշաձող սահմանած է
Վարչապետ Փաշինեանը Մարտ 7-ին Գիւմրիի մէջ կայացած ներկուսակցական քարոզարշաւի հաւաքին իր ունեցած ելոյթին յայտարարած է, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքը պիտի ըլլայ «Յեղափոխութիւն 3»։
“Մենք 2018-ին ընտրութիւններով կատարեցինք ներքաղաքական յեղափոխութիւն, 2021 թուականի ընտրութիւններուն ժողովուրդը մեզ առաջնորդեց դէպի ընկերային-հոգեբանական եւ մտածողութեան յեղափոխութիւն, 2026 Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն մենք պիտի հասնինք պատմաքաղաքական յեղափոխութեան, որ մեզ՝ Հայաստանի ժողովուրդը, պիտի դուրս բերէ եոլա երթալու, գոյատեւման քաղաքականութեան շրջանէն եւ պիտի դնէ զարգացման յարատեւ պետութեան օրակարգի գիծերուն վրայ”,– նշած է Հայաստանի վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն շատ չանցած՝ Գիւմրիի մէջ պիտի ըլլայ «Գիւմրի 1».
“Մենք կը մոռնանք, որ Գիւմրիի մէջ յեղափոխութիւն տեղի չէ ունեցած, Գիւմրին յեղափոխական իշխանութիւն չէ ունեցած, եւ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն շատ չանցած Գիւմրիի մէջ պիտի ըլլայ «Գիւմրի 1»”։
Վարչապետը արձանագրած է, որ Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն Հայաստանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին պէտք է ոչ թէ պարզապէս յաղթանակ, այլ՝ բացարձակ սահմանադրական մեծամասնութիւն խաղաղութեան խումբին։
“Մեր նշաձողը 65 տոկոսն է այս ընտրութիւններուն։ Բայց մենք շատ կարեւոր հաստատում մը ըրած ենք. շատ լաւ է, որ ժողովուրդը մեզի կու տայ այդ վստահութիւնը, բայց մենք երբեք՝ ոչ մէկ վայրկեան պէտք է մեր զգօնութիւնը թուլցնենք։ Մեզի ըսելով՝ նկատի ունիմ ոչ միայն մեր կուսակցական ընկերները, այլեւ` մեր ընտրողները, մեր ժողովուրդը։ 2026 Յունիս 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմաքաղաքական յեղափոխութիւն։ Եւ այդ յեղափոխութիւնը ընելու որոշումը պէտք է կայացնէ միայն մէկ հոգի, եւ այդ մէկ հոգին դո՛ւն ես”,– եզրափակած է Փաշինեան՝ շեշտելով, որ բոլորը պէտք է երթան ընտրատեղամաս եւ տէր կանգնին խաղաղութեան, անկախութեան, պետութեան ու նահատակներու զոհողութիւններուն։
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Փաշինեան, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խումբ մը անդամներու հետ, Մարտ 7-ին այցելած է Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզեր, ուր բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է տարբեր բնակավայրերու քաղաքացիներուն հետ։ Վարչապետը այցելած է Արագածոտնի մարզի Աշտարակ, Թալին քաղաքները, Շիրակի մարզի Մարալիկ, Պեմզաշէն, Արթիկ համայնքները, ինչպէս նաեւ՝ Գիւմրի։
