Փաշինեան. «Հայաստան, Վրաստան եւ Ազերպայճան միասնաբար կրնան տարածաշրջանը դարձնել գլխաւոր տարանցիկ ուղի»
Պատասխանելով հարցումին, թէ Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ առանցքային տարանցիկ ուղի դառնալը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Վրաստանի տնտեսութեան վրայ, վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, որ գործակցելով Հայաստանի դրացիներուն հետ՝ կրնանք տարանցման շնորհիւ տասնեակ անգամներով աւելցնել տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն եկամուտները։
“Եթէ մենք՝ Հայաստանը, Ազերպայճանն ու Վրաստանը, կարենանք մեր տարածաշրջանը դարձնել արագ, գրաւիչ եւ անվտանգ տարանցիկ ուղի մը, մեր բոլորին եկամուտները պիտի աւելնան տասնեակ անգամներով… Կը կարծեմ, որ հիմա շատ յարմար ժամանակ է, որպէսզի Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ազերպայճանը այս առիթին նային իբրեւ ընդհանուր կարելիութիւն մը. պէտք չէ մտածենք, որ եթէ այս մէկ բեռնատարը ուրիշ տեղէ անցնի, մենք 50 տոլար կը կորսնցնենք… Սակայն երբ կը մտածենք տասնեակ հազարաւոր բեռնատարներու մասին, իրավիճակի ընկալումը կը փոխուի, որովհետեւ երկիրներէն ոչ մէկը պիտի կարենայ առանձինն սպասարկել այդ հոսքը”,– յայտարարած է Փաշինեան։
Ըստ անոր՝ խօսքը կը վերաբերի արեւելքէն արեւմուտք, մասնաւորապէս Չինաստանէն Եւրոպական Միութիւն եւ հակառակ ուղղութեամբ, թրիլիոններու արժողութեամբ ապրանքներու փոխադրութեան։
Փաշինեան նաեւ նշած է, որ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ազերպայճանը պէտք է իրարմէ օգնութիւն խնդրեն, որպէսզի տարածաշրջանէն տարանցման ընթացքին խցանումներ կամ հերթեր չյառաջանան, որովհետեւ իւրաքանչիւր հերթ ժխտական ազդանշան կու տայ, թէ հոսկէ անցնիլը նպատակայարմար չէ եւ պէտք է ուրիշ ճամբայ ընտրել։
