Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ազէրպայճանցիները նպատակ ունին հայաթափելու Արցախը»

Իրանահայութեան երեսփոխաններուն նամակը՝ երկրին ԱԳ նախարարին

Իրանի խորհրդարանին մէջ Իրանահայութեան երեսփոխաններ Արա Շահվերդեան եւ Ռոբերտ Բեգլարեան Մարտ 16-ին նամակ մը յղած են Իսլամական Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանին՝ կոչ ուղղելով որ համապատասխան քայլերու ձեռնարկուի Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի դադրեցման ուղղութեամբ։

«Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը դադրեցաւ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, սակայն ազէրպայճանական կողմը զանազան միջոցներով կը շարունակէ հոգեբանական ճնշում բանեցնել հայ բնակչութեան դէմ՝ նպատակ ունենալով հայաթափել եւ ցեղային զտման ենթարկել Արցախը իր բնիկ հայերէն, միաժամանակ նոր հնարաւորութիւններ կորզել՝ Հայաստանի իշխանութիւններէն եւ դրացիներէն: Այս կ՚ապացուցեն Պաքուի կողմէ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակոցները, նիւթական եւ բարոյական վնասները, մշակութային ժառանգութեան եւ տեղական ինքնութեան ոչնչացման ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ գերիներու հարցի շահարկումն ու քաղաքացիական ենթակառոյցներու դէմ ծաւալող գործողութիւնները։

Ազէրպայճանական կողմը նաեւ վերջին շաբթուան ընթացքին դիմած է նոր գրգռութիւններու՝ հայկական բնակավայրերու կազատարի կասկածեալ “խափանումներ”-ու վերականգնման գործընթացը խոչընդոտելով, զուգահեռաբար, պարբերաբար կը խզուի ելեկտրականութիւնը, ինչ որ ա՛լ աւելի կը խորացնէ մարդասիրական ծանր իրավիճակը եւ նոր ճգնաժամի բռնկման վտանգը։

Ազէրպայճան նաեւ գրգռութիւններու դիմած է սահմանային գիծին վրայ բարձրախօսեր տեղադրելով եւ բնակչութեան՝ գիւղերէն հեռանալու կոչեր ընելով, որ կ՚ազդարարէ անոնց կողմէ հոգեբանական նոր պատերազմի մը սկիզբը։

Արդեօք այդ գործողութիւնները կարելի՞ է համարել բարի դրացնութեան քարոզ՝ մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, անոնք (Ազէրպայճանցիները) կրնա՞ն արդեօք ապահովել անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

Ուստի, հիմք ընդունելով Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդին՝ Ղարաբաղի Հայերու անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ ելոյթը (Նոյեմբեր 4-ին), կոչ կ՚ուղղենք հետեւելու Սահմանադրութեան՝ մարդկային իրաւանց հարցերու կարգաւորման մասին դրոյթին,  ապահովելու համար Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութիւնը, ո կը գտնուի բարոյական եւ նիւթական ծանր բռնաճնշումներու տակ»,– ընդգծուած է խորհրդարանականներու նամակին մէջ։