Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Դեկտեմբեր 29-ի գիշերը Քիեւ փորձած է յարձակում գործել Նովկորոտի մարզին մէջ գտնուող Վլատիմիր Փութինի նստավայրին վրայ՝ օգտագործելով աւելի քան 90 անօդաչու սարքեր։

“[Ուքրաինական] բոլոր անօդաչու սարքերը ոչնչացուած են ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ։ Զոհերու կամ բեկորներու պատճառած վնասներուն մասին տեղեկութիւն չէ ստացուած”,– ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը։

Լաւրով նշած է, որ Ռուսաստանի բանակցային դիրքորոշումը պիտի վերանայուի՝ նկատի ունենալով Քիեւի կողմէ Ռուսաստանի նախագահական նստավայրին վրայ յարձակելու փորձը։ Այսուհանդերձ, Մոսկուա մտադիր չէ հրաժարելու բանակցային գործընթացէն։

Նախարարին համաձայն՝ Փութինի նստավայրին վրայ կատարուած յարձակումէն ետք, Ռուսաստանի կողմէ տրուելիք պատասխան հարուածի թիրախներն ու թուականները արդէն որոշուած են։

Քիեւ յայտարարած է, թէ Մոսկուա շօշափելի ապացոյց չէ ներկայացուցած Փութինի նստավայրին վրայ «յարձակման» վերաբերեալ։