«Տաշիր Կրուպ»-ի սեփականատէր, 60-ամեայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան, Դեկտեմբեր 30-ին, «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկէն տուն փոխադրուած է։

Դատարանը մասամբ ընդառաջած է Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբաններուն դիմումին՝ անոր նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելով տնային կալանքն ու գրաւը։ Գլխաւոր դատախազութիւնը պիտի բողոքարկէ այս որոշումը։

Գործարարին փաստաբանը՝ Արամ Վարդեւանեան, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով տնային կալանքին, ըսած է. “Հաղորդակցութեան սահմանափակումները դարձեալ խիստ կերպով վերահաստատուած են. կը վերաբերին բացառապէս մերձաւոր ազգականներուն”։ Վարդեւանեան նշած է, որ որոշումը ամբողջութեամբ տակաւին չեն ստացած, եւ անոր ծանօթանալէ ետք՝ պիտի ճշդեն իրենց դիրքորոշումը։

Իշխանութիւնը գրաւելու հրապարակային կոչերու մեղադրանքով ամբաստանուող ռուսաստանահայ Կարապետեան բանտարկուած է 2025 Յունիս 18-էն ի վեր։ Նոյեմբերի 18-ի որոշումով՝ կալանքը երկարաձգուած էր երկու ամիս եւս։

Յիշեցնենք, որ Սամուէլ Կարապետեան իրաւապահներու թիրախին յայտնուեցաւ եկեղեցի-իշխանութիւն արշաւի ծիրէն ներս ի պաշտպանութիւն եկեղեցւոյ իր յայտարարութեան բովանդակութեան պատճառով, որ համարուեցաւ իշխանութիւնը գրաւելու հրապարակային կոչ։

Հետագային աւելցան մեղադրական երկու յօդուածներ եւս, որոնք կը վերաբերէին հարկերը, տուրքերը կամ այլ վճարումներ չկատարելուն, ինչպէս նաեւ՝ փողերու լուացման։ Կարապետեան կը հերքէ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ալ իշխանութիւնը գրաւելու կոչի մեղադրանքները՝ զանոնք որակելով քաղաքական։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը անգամ, խօսելով միլիառատէր գործարարին մասին, ըսած էր. «Պետութեան համը անոր բերանը պիտի մնայ»։

Կարապետեանի փաստաբանական խումբը կը պնդէ, որ գործը յարուցուած է Փաշինեանի հրահանգով։ Զինք ձերբակալելէ քանի մը ժամ առաջ Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի վրայ հրապարակաւ սպառնացած էր «ընդմիշտ չէզոքացնել» հոգեւորականներու գործարարը։

Քննչական կոմիտէի պետը հերքած է, թէ Սամուէլ Կարապետեանի գործը յարուցած են վարչապետի հրահանգով։