2026-ի ընթացքին Յունաստան, Իսրայէլ եւ Կիպրոս միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն Միջերկրականի արեւելեան հատուածին մէջ՝ Թուրքիոյ ծովային սահմաններուն անմիջական դրացնութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Յունաստանի բանակի անանուն ներկայացուցիչները։

Այդ երկրի զինուած ուժերու սպայակոյտի սպաներէն մէկուն հաղորդած տեղեկութեանց համաձայն՝ Յունաստան, Իսրայէլ եւ Կիպրոս անցեալ շաբաթ ստորագրած են 2026-ի պաշտպանական համագործակցութեան ծրագիրը։ Անոր համաձայն՝ յառաջիկայ ամիսներուն երեք երկիրներու ռազմօդային եւ ռազմածովային ուժերը միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն։

Բացի ասկէ, ըստ յոյն պաշտօնատարներուն, Իսրայէլ շարք մը նորագոյն արհեստագիտութիւններ պիտի փոխանցէ Աթէնքին եւ Նիկոսիոյ՝ «համաչափ եւ անհամաչափ սպառնալիքներու դէմ աւելի դիմացկուն դառնալու համար»։

Ինչպէս ակնկալելի էր, այս լուրը բաւական մեծ դժգոհութեամբ դիմաւորուած է Թուրքիոյ մէջ։ Մինչ «չափաւոր» մամուլը դեռ հարցականով՝ «Չարիքի դաշի՞նք» կ՚անուանէ երեւոյթը, նոյն մամուլի աւելի արմատական անուններ արդէն չեն վարանիր զայն կոչելու «Ցեղասպանութեան դաշինք»։