Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ. Խորհրդարանի նախագահուհին արդէն կը հրաւիրէ օգտուելու «Զանգեզուրի միջանցք»-էն

Մայիս 17-ին, Ազերպայճանի խորհրդարանի նախագահուհի Սահիպա Կաֆարովա  Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (ՏՀԶԿ) երկիրները հրաւիրած է օգտուելու «Զանգեզուրի միջանցք»-էն։ Ան այս հրաւէրը ուղղած է Պաքուի մէջ ընթացող նշեալ կազմակերպութեան խորհրդարանական երրորդ գլխաւոր համաժողովին:

“«Զանգեզուրի միջանցք»-ը (չակերտները մեր կողմէ – «ՆՅ»), որ պիտի բացուի ըստ կայացած համաձայնութիւններուն, Արեւելք-Արեւմուտք եւ Հիւսիս-Հարաւ միջանցքներու կարեւոր մէկ մասը պիտի դառնայ. Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան բոլոր երկիրները նոյնպէս պիտի կարողանան օգտուիլ այդ նոր միջանցքէն”, ընդգծած է Կաֆարովա։

Յիշեցնենք, որ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի Սիւնիքի մարզին, որուն տիրանալ կը փորձեն Ազերպայճանն ու Թուրքիան։