ՄԻԵԱ-ն Ազերպայճանէն պահանջած Է մինչեւ Օգոստոս 31 տրամադրել գերիներու դատավճիռները

Գերիներ

Ազերպայճան շարունակաբար դիմում կը ներկայացնէ ՄԻԵԱ-ին՝ պահանջելով վերցնել այն միջանկեալ միջոցը, որով կը պարտաւորուի պարբերաբար հաշուետւութիւն ներկայացնելու Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու պայմաններուն եւ անոնց առողջական վիճակին մասին: Ազերպայճան կը հաւաստէ, թէ բոլոր գործընթացները կ՚ընթանան թափանցիկ եւ հրապարակային կերպով:

Սակայն, 2026 Ապրիլ 9-ին ՄԻԵԱ-ն մերժած է Ազերպայճանի յաջորդական դիմումը՝ կրկին կառավարութենէն պահանջելով շարունակել տեղեկութիւններ տրամադրել կալանաւորուածներու բանտային պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերջին բժշկական քարտերուն, կատարուած բժշկական քննութիւններուն եւ բուժման վերաբերող այլ փաստաթուղթերու մասին:

Ասկէ զատ, ՄԻԵԱ-ն պահանջած է նաեւ ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթներու ծիրէն ներս կայացուած դատավճիռներուն պատճէնները կամ անոնց ամփոփագրերը: Այս փաստաթուղթերը պէտք է ընդգրկեն վճիռ կայացուցած դատաւորներուն հիմնաւորումները՝ յենած գործին մէջ առկայ ապացոյցներուն վրայ:

Զեկոյցի ներկայացման յաջորդ պայմանաժամը 2026 Օգոստոս 31-ն է: