Ապրիլեան ոգեկոչում՝ Անթոնիի մէջ

Ցեղ-Անթոնի-5

Ապրիլ 18-ին, փարիզեան արուարձաններէն Անթոնիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութիւն մը։ Ոգեկոչման ձեռնարկը կայացաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող «Հայաստանի արծիւ» յուշակոթողին առջեւ։

Արարողութեան՝ ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր եւ ուժանիւթի հարցերու լիազօր նախարար Մոտ Պրեժոն, Հօ-տը-Սէն նահանգի խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սիֆրետի, Անթոնիի քաղաքապետ Օտ Նոտէ-Լանկլուա եւ փոխքաղաքապետ Վիսամ Նեհմէ։ Խօսք առաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։

Յարգանքի տուրքի այս արարողութեան ներկայ էին շրջանի այլ քաղաքապետեր, ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, ֆրանսահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ ֆրանսացիներ ու ֆրանսահայեր։ Աւարտին, ներկաները ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ։

Բացում՝ «Դաւթաշէն» փողոցի

Նոյն օրը, Անթոնիի մէջ հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանի անունը կրող փողոցի պաշտօնական բացումը։

Այս առիթով ելոյթներ ունեցան Անթոնիի քաղաքապետ Օտ Նոտէ-Լանկլուա, փոխքաղաքապետ Վիսամ Նեհմէ, քաղաքային խորհուրդի անդամ Լինտա Էլ Մեզուէտ, Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավար Ալբերտ Յովասափեան, ինչպէս նաեւ դեսպան Արման Խաչատրեան։

Փողոցի բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ նախարար Մոտ Պրեժոն, Ժորժ Սիֆրետի, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Նշենք, որ 2015 Սեպտեմբերին Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանին եւ Ֆրանսայի Անթոնի քաղաքին միջեւ ստորագրուած է զուգորդութեան (քոյր-քաղաքներու) արձանագրութիւն։