Կիրակի, Յունուար 4-ին, վարչապետ Փաշինեան իր նստավայրին մէջ ունեցած է խորհրդակցական ժողով մը այն եպիսկոպոսներուն հետ, որոնք քանի մը շաբաթ առաջ արդէն տեսակցութիւն մը ունեցած էին իր հետ եւ թիկունք կանգնած Հայ առաքելական եկեղեցին բարենորոգելու գծով իր դիրքորոշման։ Անոնք կոչ ըրած էին նաեւ Գարեգին Բ.-ին, որ հրաժարի Կաթողիկոսի աթոռէն եւ հանգստեան քաշուի։ 

Յունուար 4-ի այս նոր ժողովէն ետք, մասնակիցները հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման

Մենք՝ ներ­քոստո­րագ­րեալ­ներս.

– հա­ւատա­լով եւ հա­ւատա­րիմ ըլ­լա­լով մեր Տէր եւ Փրկիչ Յի­սուս Քրիս­տո­սի վար­դա­պետու­թեան, սրբոց Թա­դէոս եւ Բար­թուղի­մէոս առա­քեալ­նե­րու քա­րոզ­չութեամբ սեր­մա­նուած հա­ւատ­քին, Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չի եւ Տրդատ Գ. Մեծ Հա­յոց թա­գաւո­րի ջան­քե­րով հիմ­նադրուած Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ սրբա­զան աւան­դութեան,

– ընդգծե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ար­ժէ­քահէնք հան­րութեան զար­գացման եւ ազ­գա­յին ինքնու­թեան պահ­պանման կեն­սա­կան գոր­ծին մէջ Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ առանցքա­յին դերն ու նշա­նակու­թիւնը,

– մտա­հոգուած ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան մեր Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ փաս­տա­ցի պե­տին եւ անոր ձե­ւաւո­րած մեր­ձա­ւոր շրջա­պատի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն կող­մէ Աւե­տարա­նի սկզբունքնե­րով ապ­րե­լու եւ քա­րոզե­լու առա­քելու­թեան ձա­խող­մամբ, հո­գեւոր կեան­քի խա­թար­մամբ, բար­քե­րու այ­լա­սեր­ման աղա­ղակող փաս­տե­րու նկատ­մամբ հան­դուրժո­ղակա­նու­թեան դրսե­ւոր­մամբ,

– դա­տապար­տե­լով եւ անըն­դունե­լի հա­մարե­լով եկե­ղեցին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ ներ­քա­շելու, զայն տար­բեր օրա­կար­գե­րու եւ օտար շա­հերու ծա­ռայեց­նե­լու հա­կակա­նոնա­կան գոր­ծե­լակեր­պը,

– ար­ձա­նագ­րե­լով, որ Եկե­ղեց­ւոյ կա­մայա­կան կա­ռավա­րու­մը եւ խտրա­կանու­թիւնը յան­գե­ցու­ցած են հո­գեւոր կեան­քի բնա­կանոն ըն­թացքի խա­թար­ման, Եկե­ղեց­ւոյ ներ­սը պա­ռակ­տումնե­րու, ազ­գա­յին հո­գեւոր ար­ժէքնե­րու յե­տըն­թա­ցի,

– ըն­դունե­լով եւ ճանչնա­լով մեր բա­ժին մե­ղաւո­րու­թիւնը եւ պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ մէջ ստեղ­ծուած այս իրա­վիճա­կին հա­մար եւ ապաշ­խա­րու­թեամբ վե­րափո­խուե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը,

– հա­մոզուած ըլ­լա­լով, որ ար­ժէ­քահէնք հա­սարա­կու­թեան տես­լա­կանը հնա­րաւոր չէ կեան­քի կո­չել առանց մեր ար­ժե­համա­կար­գա­յին կեդ­րո­նի՝ Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ բա­րենո­րոգ­ման,

Կը յայ­տա­րարենք Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ բա­րենո­րոգ­ման մեկ­նարկին մա­սին, որ պի­տի իրա­կանա­ցուի հե­տեւեալ ճա­նապար­հա­յին քար­տէ­սով.

1. Բա­րենո­րոգ­ման օրա­կար­գի հրա­պարա­կում,

2. Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ փաս­տա­ցի պե­տի հե­ռացում (հանգստեան կո­չում),

3. Սահ­մա­նուած կար­գով Կա­թողի­կոսա­կան տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն,

4. Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ կա­նոնադ­րութեան ըն­դունում. կա­նոնադ­րութեամբ պէտք է սահ­մա­նուին ամ­րագրուած սկզբունքնե­րու պահ­պանման, նիւ­թա­կան թա­փան­ցի­կու­թեան եւ հո­գեւո­րական­նե­րու բա­րեվար­քութեան ապա­հով­ման կա­ռու­ցա­կար­գեր,

5. Սահ­մա­նուած կար­գով Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսի ընտրու­թիւն։

Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւո­րակա­նաց դա­սին եւ բո­լոր հե­տեւորդնե­րուն կոչ կ՚ուղղենք աջակ­ցե­լու, միանա­լու Եկե­ղեց­ւոյ բա­րենո­րոգ­ման, հա­մախմբուելու այս նպա­տակին շուրջ՝ յա­նուն Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ, յա­նուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան եւ մեր ժո­ղովուրդին։

Մենք՝ ներ­քոստո­րագ­րեալ­ներս, կը ձե­ւաւո­րենք Հա­մակար­գող խոր­հուրդ, որուն կը վե­րապա­հենք Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ բա­րենո­րոգ­ման կազ­մա­կերպչա­կան գոր­ծա­ռոյթներ։ Սոյն կազ­մը կրնայ ընդլայ­նուիլ Հա­մակար­գող խոր­հուրդի միաձայ­նութեամբ։

Նի­կոլ Փա­շինեան, ՀՀ վար­չա­պետ (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Յով­նան ար­քե­պիս­կո­պոս Տէր­տէ­րեան (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Նա­ւասարդ ար­քե­պիս­կո­պոս Կճո­յեան (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Աբ­րա­համ ար­քե­պիս­կո­պոս Մկրտչեան (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Առա­քել ար­քե­պիս­կո­պոս Քա­րամեան (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Սիոն ար­քե­պիս­կո­պոս Ադա­մեան (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Վազ­գէն ար­քե­պիս­կո­պոս Միր­զա­խանեան (Ձե­ռագիր՝ «Հա­մաձայ­նե­ցուած է»)

Տ. Անու­շա­ւան եպիս­կո­պոս Ժամ­կո­չեան (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Վրթա­նէս եպիս­կո­պոս Աբ­րա­համեան (Ստո­րագ­րութիւն)

Տ. Ար­տակ եպիս­կո­պոս Տիգ­րա­նեան (Ձե­ռագիր՝ «Ար­տակ եպ.»)

Տ. Գէորգ եպիս­կո­պոս Սա­րոյեան (Ձե­ռագիր՝ «Գէորգ եպս.») ■