Մալթայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքէթպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքի աւարտական մրցումին՝ Հայաստանի ընտրանին 84-68 հաշուով պարտութեան մատնելով տանտէրերը՝ Մալթայի հաւաքականը՝ դարձած է Եւրոպայի ախոյեան:
Աւարտական այս մրցումին ամէնէն արդիւնաւէտ խաղացողը եղած է Հայաստանի ընտրանիին մաս կազմող Քրիս Ճոնսը, որ նշանակած է 41 կէտ:
Ռեքս Քալամեանի գլխաւորած Հայաստանի պասքէթպոլի հաւաքականը կէս-աւարտականին մրցած էր Անտորայի հաւաքականին հետ եւ 93-66 հաշուով յաղթանակ տարած։
Խմբային փուլին Հայաստանի ընտրանին նախ 100-63 հաշուով յաղթած էր Ճիպրալթարի հաւաքականին, ապա 78-66 հաշուով առաւելութեան հասած՝ Սան Մարինոյի խումբին նկատմամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։