«Ուժեղ Հայաստան»-ն ու ԲՀԿ-ն կ՚ահազանգեն ժամը 20-էն ետք զինուորներու քուէարկութեան մասին

Զինուորներ-0aff-0242-58b2-08d9e7356c95_w1023_r1_s

Ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) կուսակցութիւնները կ՚ահազանգեն քուէարկութեան պաշտօնական աւարտէն՝ ժամը 20-էն ետք զինուորները քուէարկութեան տանելու դէպքերու մասին։

Այս քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները ընտրատեղամասերու ուղիղ հեռարձակումներէն հրապարակած են տեսանիւթեր, ուր յստակօրէն կ՚երեւին քուէարկութիւն կատարող զինուորներ։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն առայժմ կարելի չէ եղած որեւէ մեկնաբանութիւն ստանալ ընդդիմութեան հնչեցուցած այս ահազանգին վերաբերեալ։