Ռուսական RTVI միջազգային հեռատեսիլի կայքէջը կազմած է 2026-ին տեղի ունենալիք 11 մեծագոյն քաղաքական եւ մարզական իրադարձութիւններու ցանկը, որուն մէջ ընդգրկած է նաեւ Հայաստանի մէջ այս տարուան Յունիս 7-ին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւնները։

✔️ Ձմեռնային ողիմպիական խաղեր Միլանոյի եւ Գորթինա տ’Ամփեցցոյի մէջ (Իտալիա) — Փետրուար 6-22

✔️ Խորհրդարանական ընտրութիւններ Հունգարիոյ մէջ — Ապրիլ

✔️ Խորհրդարանական ընտրութիւններ Հայաստանի մէջ — Յունիս 7

✔️ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյեանութիւն ԱՄՆ-ու, Գանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ — Յունիս 11-էն Յուլիս 19

✔️ G7-ի վեհաժողով Էվիան-լէ-Պէնի մէջ (Ֆրանսա) — Յունիս 14-16

✔️ Նախագահական ընտրութիւններ Պրազիլի մէջ — Հոկտեմբեր 4

✔️ Քնեսեթի ընտրութիւններ Իսրայէլի մէջ — մինչեւ Հոկտեմբեր 27

✔️ ԱՄՆ-ու միջանկեալ ընտրութիւններ — Նոյեմբեր 3

✔️ G20-ի վեհաժողով Մայամիի մէջ (Ֆլորիտա, ԱՄՆ) — Դեկտեմբեր 14-15

✔️ Արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ Սերպիոյ մէջ

✔️ BRICS-ի վեհաժողով Հնդկաստանի մէջ

Անդրադառնալով մեր երկրին մէջ սպասուող քաղաքական իրադարձութիւններուն՝ լրասփիւռը գրած է.

«Ամառը Հայաստանի մէջ կը խոստանայ ըլլալ տաք առաջին իսկ օրերէն եւ խնդիրը միայն եղանակին չի վերաբերիր։ Յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ իշխանութեան գլուխը գտնուող Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի փորձէ պահպանել իր սահմանադրական մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ։

Քուէարկութիւնը, ըստ էութեան, վստահութեան հանրաքուէ պիտի դառնայ ներկայ վարչապետի քաղաքականութեան վերաբերեալ, որ կեդրոնացած է Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ»։