Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեանը միացած է ՀՀ վարչապետին եւ տասը սրբազաններուն հայ եկեղեցւոյ բարեկարգման ուղղուած շարժումին: Ան ողջունած է նախաձեռնութիւնը, հռչակագրի բովանդակութիւնն ու ճանապարհային քարտէսը:
«Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ հաւատարիմ ու նուիրեալ զաւակներ:
Երկար տարիներ ծառայած ըլլալով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան, բերած ըլլալով բոլորանուէր ծառայութիւն Սուրբ Տեղերուն եւ Պատրիարքական Աթոռին, վերջին տարիներուն կոչուեցայ Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնին:
Սակայն օր ըստ օրէ ականատես եղայ մեր եկեղեցւոյ ղեկավարութեան կողմէ Մայր Աթոռի բուն առաքելութենէն շեղումին, քաղաքական գործընթացներու մէջ ներգրաւուելուն եւ այլ հանգամանքներու:
Վերջին շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ տասը բարձրաստիճան հոգեւորականներու յառաջ քաշած արդար հարցերը շատոնց արդիական էին ու լուծման կարօտ: Փառք Աստուծոյ, որ այս բարեկարգման առաքելութեան միացած է ՀՀ Վարչապետը եւ իր մեծ լուման կը դնէ Հայաստանի հոգեւոր կեանքի զարգացման գործին: Ի լուր Զուիցերիոյ հայութեան ու մեր հոգեւոր եղբայրներուն, կ’ուզեմ տեղեկացնել, որ կ’ողջունեմ ՀՀ Վարչապետի եւ տասը սրբազաններու կողմէ ձեւաւորուած Համակարգող խորհուրդին ստեղծումը եւ կը միանամ անոնց, կ’ընդունիմ հռչակագրին բովանդակութիւնը եւ ճանապարհային քարտէսը: Պատրաստակամութիւնս կը յայտնեմ ամբողջական շունչով ներգրաւուելու Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգման Սուրբ առաքելութեան:
Տէր Գուսան ծայրագոյն վարդապետ Ալճանեան
Առաջնորդարանի տեղապահ Զուիցերիոյ հայոց թեմի»
