«X»-ի վրայ կատարած իր գրառումին մէջ, «Ֆիկառօ Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն հարցականի տակ առած է միջազգային տարբեր իրադարձութիւններու նկատմամբ քաղաքական հակազդեցութիւններուն հետեւողականութիւնը։
Լրագրողը զարմանք կը յայտնէ, որ որոշ գործիչներ, որոնք մեծ աղմուկ բարձրացուցին Վենեզուելայի առնչուող դէպքի մը պարագային, նուազ հակազդեցութիւն ցուցաբերեցին, երբ Ազերպայճանը 2023-ին ձերբակալեց Լեռնային Ղարաբաղի հայ պատասխանատուները։
«Լսեցի՞նք արդեօք, որ Վենեզուելայի մէջ Նիքոլաս Մատուրոյի առեւանգումէն ապշած այդ բոլոր մարդիկը, յատկապէս LFI-ի (Անհնազանդ Ֆրանսա) շարքերէն ներս, նոյնպէս աղաղակեն, երբ Ազերպայճանը 2023-ին գերեվարեց Արցախի հայ ղեկավարները։ Արդեօք անոնք զօրաշարժի դիմեցի՞ն վերջին 2 տարիներուն՝ բողոքելու համար Պաքուի մէջ անոնց բանտարկութեան դէմ»,– գրած է ան։
